Երիտասարդական Սեմինար «Կամաւոր Աշխատանքը Եւ Եկեղեցին» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմին, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Լիբանանի Հայոց թեմի միջդպրաց դասերու միօրեայ երիտասարդական սեմինար մը` «Կամաւոր աշխատանքը եւ եկեղեցին» նիւթով:

Սեմինարին նպատակն էր համախմբել Լիբանանի հայոց թեմի կամաւոր ծառայող երիտասարդները, լսել անոնց փորձառութիւնները, բաժնեկցիլ անոնց կարծիքներն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ երիտասարդներ կամաւոր ծառայութեան մղելու կերպեր ու միջոցներ որդեգրել:

 

Բացման խօսքը ուղղեց Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, որ իր կարգին բարի գալուստի խօսքեր արտասանելէ ետք, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Երիտասարդական բաժանմունքի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ օրուան պատգամն ու յայտագիրը ներկայացուց երիտասարդներուն:

Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ ներկայացուց «Կամաւոր ծառայութեան արժէքը Աստուածաշունչին եւ եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն»: Հայր սուրբը նշեց, որ կամաւոր ծառայութիւնը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծառայութեան մարզին ամէնէն կարեւոր դաշտը կը հանդիսանայ եւ ընդգծեց, որ անցեալին եկեղեցին լայն աճ ապրած է  եւ հաւատքը գործնականացած է շնորհիւ կամաւոր ծառայութեան: «Բոլոր ժամանակներու օրինակելի մեծագոյն ծառան Յիսուս Քրիստոսն է, որուն ուսուցած վարդապետութեամբ եւ անձին օրինակով, Ան մարդկային ընկերութեան առաջին ծառան դարձաւ», շեշտեց հայր Թորգոմ:

Զեկուցումին աւարտին հարցում-պատասխաններու ընդմէջէն յաւելեալ քննարկում տեղի ունեցաւ եւ անիկա ստացաւ կլոր սեղանի բնոյթ, որուն ընթացքին Երիտասարդական բաժանմունքի անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերելով՝ ներկաներուն փոխանցեցին կամաւոր ծառայութեան իրենց անձնական փորձառութիւնները զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս եկեղեցական, ազգային, համայնքային եւ այլն:

Սեմինարին երկրորդ բաժինով Երիտասարդական բաժանմունքի անդամներէն Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան կազմակերպեց աշխատանոց մը, որուն նպատակն էր մասնակիցները մղել գործունեայ ըլլալու եւ ա՛լ աւելի առողջ ու ինքնաբաւ կեանք մը վարելու: Աշխատանոցին ընթացքին Արզումանեան-Ղազարեան ներկայացուց բարօրութեան հիմնական 5 քայլեր, որոնք կը նպաստեն թէ՛ անձին առօրեայ եւ թէ՛ համայնքային կեանքի բարելաւման: Աշխատանոցին մասնակիցները առիթ ունեցան մտածելու իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին եւ զանոնք կապելով բարօրութեան 5 քայլերուն` զրուցեցին եկեղեցւոյ մէջ կամաւոր ծառայութիւնը ա՛լ աւելի ազդեցիկ ու ինքնաբուխ ձեւով կատարելու շուրջ: Իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ մշակում Ս. Ծնունդին առիթով ծրագիրներու, զորս կը մտադրուի կազմակերպել Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ:

Սեմինարի մթնոլորտին յաջորդեց ընկերային ընթրիքն ու Քարաոքէի երեկոն: Ներկաները իրենք ճոխացուցին մթնոլորտը հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն երգերով:

1

 

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի’ր, Ուրախացո’ւր» Ձեռնարկը

Հայ Տարեցներու Տան ՔԱՀԼ-ի Տնօրէնութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին տարեկան ծրագիրներուն մէջ, կարեւոր տեղ կը գրաւէ «Ուրախացի’ր, Ուրախացո’ւր» ձեռնարկը:

Տօնավաճառին բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի՝ 26 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11.00-ին:

Բարի գալուստի խօսք ուղղեց ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Պատ. Սեպուհ Թէրզեան: Ան նախ տեղեկութիւն տուաւ ձեռնարկին մասին եւ ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց հաստատութեանս Խնամակալութեան, անոր Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին, ՔԱՀԼ-ի անձնակազմին եւ յատկապէս խոհանոցի խոհարարներուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս ձեռնարկը հովանաւորող Տիկ. Փօլին Գրոզեան-Քէչէճեանին՝ մաղթելով անոր առողջութիւն եւ յաջողութիւն ապագայ ծրագիրներուն համար: Նոյնպէս խօսքը ուղղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Պրն. Անդրանիկ Մսըրլեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որովհետեւ միշտ նեցուկ եղած են հաստատութեանս: Ապա Պատուելին տեղեկութիւն տուաւ Հայ Տարեցներու Տան «Ծիրանի» խոհանոցի ծրագիրներուն մասին, եւ քաջալերական խօսքերով սրտապնդեց հոն աշխատող փորձառու խոհարարները:

Պատ. Թէրզեան յիշեց թէ այս բոլոր աշխատանքներուն մէջ մեր խորին եւ մեծագոյն շնորհակալութիւնը ու փառքը կու տանք Աստուծոյ: Ապա Վեր. Մսըրլեան աղօթք մատուց:

Տօնավաճառը իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին ՔԱՀԼ-ի Խնամակալութեան ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Վեր. Սողոմոն Քիլաղապեան, Պրն. Ֆարիտ Ճպրան եւ Պրն. Ֆատի Ղազալ:

Բացումի ժապաւէնը կտրեցին օրուան հովանաւոր Տիկ. Փօլին Գրոզեան-Քէչէճեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Պրն. Անդրանիկ Մսըրլեան:

Ձեռնարկը կը բաղկանար տօնավաճառէ (պազար): Տօնավաճառին ներկայացուած տոհմիկ եւ համադամ ճաշերը, խմորեղէններն ու անուշեղէնները պատրաստուած էին ՔԱՀԼ-ի «Ծիրանի» խոհանոցին մէջ, փորձառու եւ երիտասարդ խոհարարներուն կողմէ: Ինչպէս նաեւ սեղաններու վրայ զետեղուած էին հայկական ընտիր գինի եւ այլ արտադրութիւններ, տուրմերու տեսակներ, տօնական զարդեղէններ եւ ձեռային աշխատանքով պատրաստուած առարկաներ:

Այս ձեռնարկը մտերմիկ եւ ուրախ ժամեր կը պարգեւէ ներկաներուն, որոնք մօտէն կը ծանօթանան հաստատութեանս գործունէութեան եւ նոյն պահուն կ’այցելէն սպասող հայ տարեցները՝ անոնց պարգեւելով յոյս եւ ուրախութիւն:

Վարձքը կատար բոլոր բաժին բերողներուն, որոնց աշխատանքը բարձր գնահատուեցաւ մեծաթիւ այցելուներու կողմէ:

Կ’ուզենք հանրութեան ուշադրութեան յանձնել, թէ Հայ Տարեցներու Տան «Ծիրանի» խոհանոցը պատրաստ է ընդառաջելու՝ հայորդիներու ճաշի բոլոր տեսակի ապսպրանքներուն:

Աւանդական եւ Համադամ ճաշեր պատրաստուած փորձառու – խոհարարներու կողմէ (ըստ ապսպրանքի)

01-266822
08-646655
Armenian Traditional Dishes
(upon order)

3

Սուրիահայերու Շնորհիւ Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած Է 75 Նոր Գործարարութիւն

Ոսկերչութիւն, արծաթագործութիւն, սնունդի արդիւնաբերութիւն, վարսայարդարութիւն, կարի եւ կօշիկի արտադրութիւն, ինքնաշարժի նորոգութիւն, տպագրութիւն, տեսանկարահանում, օճառագործութիւն. ասոնք այն հիմնական ոլորտներ են, ուր սուրիահայերը ձեռնարկատիրական գործունէութիւն կը ծաւալեն:

«Ազդարար» լրատուականը իր անդրադարձին մէջ կը նշէ, որ 2012 թուականէն առ այսօր ՓՄՁ-ներու զարգացման ազգային կեդրոնը մօտ 500 սուրիահայ գործարարի տարբեր տեսակի օգնութիւն  ցուցաբերած է, 106-ը ստացած են ֆինանսական աջակցութիւն` միջինը 4,5 միլիոն դրամի չափով եւ 5 տարի ժամկէտով: Արձանագրուած է 75 նոր գործարարութիւն, բացուած 112 աշխատատեղ:

«Այսօր սուրիահայերը աւելի զգօն  դարձած են, գործ սկսելէ առաջ երկար կը մտածեն: Զգուշաւորութեան եւ խոր վերլուծութեան շնորհիւ՝  վերջին շրջանին յաջողած ձեռնարկատիրութեանց թիւը սուրիահայերու մօտ 20 տոկոսով աւելցած է», կը նշէ ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնի գործադիր տնօրէն Գեղամ Պետրոսեան:

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան 59-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն – Լուտովիքա Եւ Յակոբ Այնթապլեան Ամոլը $4.5 Միլիոն Կը Նուիրեն Միութեան

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան 59-րդ տարեդարձի փառաշուք եւ պատմական տօնակատարութիւնը:

Այդ օր յորդահոս բազմութիւն մը ողողած էր Միութեան գեղակերտ կեդրոնի ընդարձակ սրահը:

Միութեան Խնամակալ Մարմնի անդամ, բազմաբեղուն հասարակական գործիչ Թոմիկ Ալեքսանեան ելոյթ ունեցաւ, իր կողքին ունենալով Միութեան Խնամակալ Մարմնի մեծանուն իրաւաբան եւ ազգային գործիչ Արսէն Դանիէլեանը եւ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան երիտասարդ ու ժրաջան ատենապետ Յովիկ Գաբիքեանը:

Պրն. Ալեքսանեան յայտարարեց, թէ գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն Տիկին Լուտովիքա եւ իր ամուսինը՝ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան՝ 4.5 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած են Միութեան: Այս գումարին երկու միլիոնը արդէն փոխանցուած է Միութեան պարտամուրհակը մարելու համար, իսկ $2.5-ը պիտի պահուի Միութեան մօտ, որպէս անձեռնմխելի հիմնադրամ, որուն տոկոսները պիտի գործածուին Միութեան ծրագիրներուն համար:

Առ ի գնահատանք Տիկին Լուտովիքայի եւ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի այս առատաձեռն նուիրատուութեան, Միութեան Խնամակալ Մարմինը միաձայնութեամբ որոշած է իրանահայերու փառաշուք կեդրոնը (որ 10 միլիոն տոլարէ աւելի արժած է), յետ այսու կոչել Լուտովիքա եւ Յակոբ Այնթապլեան Կեդրոն:

Խօսք առաւ Խնամակալ Մարմնի նախագահ Արսէն Դանիէլեան, որ սքանչելի խօսքերով եւ բառերով գնահատեց բարերար ամոլը այս նուիրատուութեան համար, մաղթելով իրենց քաջառողջ եւ երկար կեանք:

Ապա երկարատեւ ծափերու տարափի տակ խօսք առաւ բարերար Տօքթ. Այնթապլեան՝ նշելով, որ «իր տիկինը երկար ուսումնասիրութիւններ կատարելէ եւ արժեւորելէ ետք, որոշեց տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք իր խնայողութիւնը այս Միութեան նուիրել, որովհետեւ մենք տեսած ենք եւ գիտենք, որ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը իսկապէս ողջ հայութեան, Հայրենիքի եւ հայ մշակոյթին կը ծառայէ՝ առանց խտրականութեան, եւ թէ այս կեդրոնը իսկապէս բոլոր հայերուն պատուաբեր ու լաւ գործերու կեդրոն է»:

Յիշենք, թէ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի եւ իր տիկնոջ միջոցաւ Հայաստանի մէջ Այնթապլեան աւան մը կը կառուցուի՝ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն բնակարաններ յատկացնելու:

Այս բերկրալի լուրին առիթով, ներկաները բարձրագոյն տրամադրութեամբ շարունակեցին իրենց խանդավառ երգն ու պարը մինչեւ ուշ երեկոյեան ժամեր:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բարերարներ Լուտիվիքա եւ Յակոբ Այնթապլեանները՝ աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ այս նուիրատուութեան համար:

Շնորհաւորանքի ջերմ խօսք ունինք Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան բոլոր պատասխանատուներուն, մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ:

«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Մշակութային Յանձնախումբին Կազմակերպած Շնորհահանդէսը

Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոն կրկին մարդաշատ էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ահրամճեան Կեդրոնը, ուր տեղի ունեցաւ «Խօսնակ» Մշակութային Յանձնախումբին կազմակերպած Շնորհահանդէսը, ուր ներկայացման դրուած էին Պարոյր Աղպաշեանի, Գասպար Տէրտէրեանի, Արամ Սեփեթճեանի եւ Արմէն Յարութիւնեանի 2015 թուականին հրատարակած հատորները:

Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ եւ մշակութասէր, գրասէր ու արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը: Երեկոյեան ճիշդ յայտարարուած ժամուն սկսաւ երեկոյթը եւ միջոցառման բացման խօսքը ըրաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ ծանրացաւ մշակոյթի կարեւորութեան ու այդ ծիրէն ներս Հայ Գիրերու հիմնադիր Մեսրոպ Մաշտոցի մեծ աւանդին վրայ, որու շնորհիւ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ կուրծք տալով բազում մարտահրաւէրներու:

Ապա ան կատարեց մէջբերում մը ամերիկահայ նշանաւոր գրող Ուիլիամ Սարոյեանէն, որ կ’ըսէր. «…Պիտի ուզէի տեսնել աշխարհի վրայ որեւէ ոյժ, որ կրնայ կործանել այս փոքր ցեղը, անտեսուած այս յամառ ժողովուրդը, որուն պատերազմները պարտութեամբ վերջացած են, կառոյցները՝ փշրուած, գրականութիւնը՝ մոռացութեան տրուած է, երաժշտութիւնը՝ անլսելի եւ աղօթքները անպատասխան մնացած են»:

Ան կարեւորելով հայ գրողին դերը մեր հասարակութեան մէջ, հայապահպանման տեսակէտով, գնահատեց Շնորհահանդէսին ներկայացուած չորս գիրքերու հեղինակներուն կատարած աշխատանքները, ուր հայ գրողներ որպէս ժողովուրդի բազկերակ, միշտ ալ ունին ըսելիք խօսք, կարապետ հանդիսանալու համար հասարակութեան եւ իրենց գրիչով խրախուսելու ամբոխներ ու վառ պահելու մշակոյթի ջահը, որ կը շարունակուի դարերէ ի վեր եւ որ կենդանի է ու հպարտօրէն կը հասնի սերունդէ սերունդ:

Համբիկ Մարտիրոսեանի բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ որոշուած յայտագիրը գրական այս եզակի երեկոյին եւ առաջին հերթին հանդէս եկաւ Մարալ Առնելեան ու ընթերցեց Արամ Սեփեթճեանի «Ձայներ Լռութեան մէջ» գիրքէն էջ մը, սահուն առոգանութեամբ, ապա Արամ Սեփեթճեան արձակագիրի «Ձայներ Լռութեան Մէջ» եւ «Գրական Հանդիպումներ» գիրքերուն մասին խօսեցաւ Անժէլ Միսիսեան, գնահատելով զոյգ գիրքերու գրական ու մշակութային բնագաւառներէ ներս ունեցած գեղարուեստական արժէքները, մերթ ընդ մերթ կատարելով մէջբերումներ:

Անժէլ Միսիսեանի մեկնաբանման յաջորդեց Թուխիկ Աւետիսեանի ընթերցումը՝ Արմէն Յարութիւնեանի «Նամականի Արմէն Յարութիւնեանի» գիրքէն, յաջող մեկնաբանութեամբ, որմէ ետք Վալանթին Օհանեան ներկայացուց Յարութիւնեանի գիրքը, միաժամանակ ծանրանալով անոր մշակութային մարզէ ներս բերած նպաստին, երբ ան որպէս բարերար, կատարած է բազմատասնեակ գիրքերու մեկենասութիւնը, այսպիսով տարածելով մեսրոպաշունչ հայ գիրքը:

Վալանթին Օհանեանէն ետք դարձեալ ունկնդրեցինք էջ մը՝ այս անգամ Պարոյր Աղպաշեանի «Երեւանի Պետական Համալսարան 95 ամեակ, Երախտաւոր դասախօսներ Դիմաքանդակային հպումներ» գիրքէն, զոր ընթերցեց Թուխիկ Աւետիսեան հաճելի ընթերցանութեամբ, ապա գիրքի մեկնաբանութիւնը յաջողապէս կատարեց արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան, ծանրանալով «Երեւանի Պետական Համալսարանի 95 ամեակ» անուն գիրքի վրայ, միաժամանակ թուելով Համալսարանի ունեցած կարեւոր ու հայանպաստ դերը՝ գրեթէ դար մը ամբողջ:

Թամար Յովհաննիսեանի հետաքրքրական գրախօսութեան յաջորդեց Մարալ Առնելեան, այս անգամ ընթերցելով Գասպար Տէրտէրեանի «2015 Թուի Մեծ Ստուգատեսին՝ Մեր հողային պահանջատիրութիւնը միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ» գիրքէն հատուած մը: Ընթերցումէն ետք Տէրտէրեանի վերը յիշուած հատորին մասին խօսեցաւ Ահարոն Շխըրտըմեան, որ մանրամասնօրէն թուեց գիրքին ունեցած ազգային-քաղաքական առաւելութիւնը:

Չորս գիրքերու մասին եղած մեկնաբանութիւններէն ետք, Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» անուն բանաստեղծութեան արտասանութեամբ հանդէս եկաւ փոքրիկն Բալիկ Պաղտասարեան խլելով ծափեր:

Յետ արտասանութեան Համբիկ Մարտիրոսեան հրաւիրեց չորս հեղինակները եւ Հայաստանի Դեսպանութեան ներկայացուցիչ Պարոն Դաւիթ Միրզախանեանը, որպէսզի կատարեն հրամցուած գիրքերուն շնորհահանդէսը եւ գինիով օծեն չորս գիրքերը: Հերթականօրէն կատարուած շնորհահանդէսէն ետք շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Գասպար Տէրտէրեան:

Հաճելի ու զուտ գրական այս իւրայատուկ երեկոն փակեց «Խօսնակ»ի խմբագիրը՝ գնահատանքի խօսք ուղղելով օրուայ դասախօսներ Անժէլ Միսիսեանին, Վալանթին Օհանեանին, Թամար Յովհաննիսեանին եւ Ահարոն Շխըրտըմեանին, ապա շնորհակալութիւն յայտնելով յայտագիրի մաս կազմողներ Թուխիկ Աւետիսեանին եւ Մարալ Առնելեանին, ինչպէս նաեւ փոքրիկն Բալիկ Պաղտասարեանին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գրասէր ու գրքասէր հասարակութեան, որոնք միշտ կը քաջալերեն «Խօսնակ»ի ձեռնարկները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր շարունակուեցան մտերիմ զրոյցներ: Ներկաները մեծապէս գոհ եւ ուրախ, գնահատեցին օրուայ միջոցառումը եւ յայտնեցին իրենց սրտի գոհունակութիւնն ու շնորհակալիքը Մշակութային Յանձնախումբին:

                                                                                                                       «Խօսնակ» Լրատու

Սուրիահայ Երախաներու Կայուն Զարգացումը Հայաստանի Մէջ

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը` Դանիական Կարմիր խաչի հետ համագործակցութեամբ 2015 թուականի Օգոստոսէն կ’իրականացնէ՝ «Սուրիահայ երախաներու կայուն զարգացումը Հայաստանի մէջ» ծրագիրը, որ պիտի տեւէ մէկ տարի: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը:

Ծրագիրը մշակուած է Կարմիր խաչի (Կարմիր մահիկի Ազգային ընկերութիւններու ֆետերասիոնի) (ԿԽՄՖ) եւ «Սէյվ տը Չիլտըրըն» հիմնադրամին կողմէ՝ համատեղ մշակուած մեթոտի հիման վրայ: Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ սուրիահայ երախաներու ընդելուզման գործընթացին եւ կայուն զարգացման:

Կազմակերպչական ծաւալուն աշխատանքներէն յետոյ` 2014 թուականի Նոյեմբերէն, Երեւանի  13 դպրոցներու մէջ` ինչպէս նաեւ մեր դպրոցին մէջ, կը կազմակերպուին ծրագիրով նախատեսուած պատկերաւոր դասընթացքներ` սուրիահայ եւ տեղացի երախաներու մասնակցութեամբ:

Երախաները դասընթացքներուն կը մասնակցին մինչեւ 18 անձէ բաղկացած խումբերով եւ ոչ պաշտօնական մեթոտներով` դերախաղեր, քննարկումներ, նկարչութիւն, պար եւ այլն, անդրադառնալով այնպիսի խնդիրներու, ինչպիսին են վախի եւ ճնշումի յաղթահարում, շրջակայ միջավայրի ճանաչում, ապագայի կառուցում եւ այլն: Դասընթացներէն բացի կազմակերպուած են շրջագայութիւններ, ամառնային ճամբար եւ ծառատունկ դպրոցին մէջ:

 

Գանատա Ապաստանած Սուրիացի Փախստականներուն Երկու Երրորդը Սուրիահայեր Են

Սուրիայէն հազարաւոր փախստականներ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ժամանեն Գանատա եւ կառավարութեան պարզեցուած ծրագիրով պիտի ապաստանին Մոնրէալի ու Թորոնթոյի մէջ:

Ըստ News.am-ի՝ The  Globe and Mail պարբերականը կը հաղորդէ, որ Մոնրէալ տեղափոխուող փախստականներուն երկու երրորդը սուրիահայեր են: Անոնց ֆինանսաւորումը իր վրայ վերցուցած է տեղի հայ համայնքը:

«Փախստականներէն շատերուն մենք նոյնիսկ չենք հանդիպիր: Անոնց ժամանումէն անմիջապէս ետք ֆինանսաւորող խումբերը կը դիմաւորեն զանոնք օդակայանին մէջ եւ անկէ ետք կ՛անհետանան մեր տեսադաշտէն», պարբերականին ըսած է գաղթականութեան հարցերով զբաղող գանատացի պաշտօնեան:

Ըստ պարբերականին նախապէս կազմուած ցուցակներով՝ Գանատա ժամանող սուրիացի փախստականներուն շատ փոքր տոկոսը կը ֆինանսաւորուի կառավարութենէն: Փախստականներուն ֆինանսական կարիքները սովորաբար կը հոգան տեղի համայնքները:

Մոնաքոյի Սուրբ Նիքոլա Տէ Ֆոնտուիէ Եկեղեցւոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 22ին Մոնաքոյի Սուրբ Նիքոլա Տէ Ֆոնտուիէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ պատարագ, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի մատուցմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը։

Պատարագին ներկայ եղած են Ֆրանսայի  եւ Մոնաքոյի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Մոնաքոյի արքեպիսկոպոս Պերնարտ Պարսին, Մոնաքոյի արքայազն Ալպերթ II-ի պետական քարտուղար Ժաք Պուասոն, Մարսէյլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, Ալպ Մարիտիմի, Վարի եւ Մոնաքոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Գրիգոր աբեղայ Խաչատրեան, Մոնաքոյի հայերու միութեան նախագահ Սերժ Ֆերմանեան, միութեան հիմնադիր տնօրէն Արեւ Մարտիրոսեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցչներ:

Արայիկ Յարութիւնեան Այցելած Է Լոս Անճելոսի Հայկական Վարժարաններ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 23ին այցելած է Լոս Անճելոսի մէջ գործող հայկական վարժարաններ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած է խումբ մը բարերարներու հետ, կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը:

Արայիկ Յարութիւնեան եղած է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններ, ծանօթացած է դպրոցներու պայմաններուն եւ պատմութեան: Վարչապետը ներկայ գտնուած է աշակերտներու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն` բարձր գնահատելով վարժարաններու դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին:

Վարչապետ Յարութիւնեան այնուհետեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի առաջնորդարանին մէջ, կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ հանդիպած է խումբ մը բարերարներու, որոնց ներկայացուցած է Արցախի զարգացման հեռանկարներն ու պայմանները: Ան ներկաներուն հետ քննարկած է համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ձեռք բերած է յստակ պայմանաւորուածութիւններ:

Հանդիպումին վարչապետը յորդորած է բարերարներուն աշխոյժօրէն աջակցելու Նոյեմբեր 26ին նախատեսուած հեռուստամարաթոնին, որուն ժամանակ հաւաքուած գումարները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով պիտի ուղղուին Հայրենիքի զարգացման գործին:

 

 

 

 

 

 

Գիրքի Ցուցահանդէս–Վաճառք Նոր Ջուղայի Մէջ

Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային Կրթահամալիրի «Քանանեան» աղջ. եւ «Կատարինեան» տղ. ուղեցոյց-միջնակարգ դպրոցներու տնօրինութիւններու, Ծնողական խորհուրդներու եւ գրադարանավարուհիի համատեղ նախաձեռնութեամբ`  Նոյեմբեր 20-27   կրթահամալիրի    դահլիճին մէջ  հերթական անգամ կազմակերպուած է   գիրքի ցուցահանդէս-վաճառք: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի, Նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան:

Ցուցահանդէսի բացումը  Նոյեմբեր 20ի երեկոյեան,  ներկայութեամբ հրաւիրեալներու կատարեց Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Բաբգէն արք. Չարեան:  Ներկաներուն ողջունեց զոյգ դպրոցներու  գրդարանավարուհի Կարին Տէր-Մարտիրոսեան, որմէ յետոյ հիւրերուն հրաւիրեց  շրջելու  ցուցահանդէսի  տաղաւարները եւ ծանօթանալու ցուցահանդէսի բովանդակութեան:

Այնուհետեւ  ներկաները  ունկնդրեցին կրթահամալիրի մանկապարտէզ-նախակրթարան բաժինի տեսչուհի եւ վաստակաւոր  ուսուցչուհի Քարոլին Տիլանչեանի ելոյթը` նոր  հրատարակած դասագիրքերու մասին: Ք. Տիլանչեան նախ ներկայացուց իր եւ   կրթահամալիրի «Քանանեան» դպրոցի փոխտեսուչ եւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Ռիմա Սիմոնեանի  եւ ուսուցչուհի  Սեդա   Տիլանչեանի  միջոցով կազմուած ու Սպահանի Հայոց թեմի   Կրթական խորհուրդներու միջոցով հրատարակուած 7րդ դասարանի  հայոց լեզուի ու գրականութեան նոր դասագիրքը  եւ անոր կից աշխատատետրը, որուն խմբագրութիւնը  կատարած է  հայաստանաբնակ անուանի լեզուաբան Դաւիթ Գուրջինեան, որ  առաջարկած եւ իր աջակցութիւնը  ցուցաբերած է նաեւ աշխատատետրի պատրաստման, իսկ  նկարազարդումը կատարած է Սուսաննա Այվազեան, համակարգչային ձեւաւորումը  ստանձնած է Վերգինէ Միրզախանեան:

Ք. Տիլանչեան յայտնեց, որ  պատրաստման ընթացքի մէջ են նաեւ 8րդ եւ 9րդ դասարաններու դասագիրքերը ու խօսեցաւ  տարրական բաժինի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու համար հրատարակուած կրօնի նոր դասագիրքերու մասին, որոնց  պատրաստումը կատարուած է  թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հօր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ:

Յաջորդիւ ամպիոնի մօտ հրաւիրուեցաւ Թեհրանէն հրաւիրուած  թարգմանիչ Յարութիւն Եղնազարեան, որ  ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած իր թարգմանած  Նոէլ Պարպըրի «Lords of the Golden Horn» (Ոսկեղջիւրի Տիրակալները) գիրքը, բայց մինչ այդ  Կարին Տէր-Մարտիրոսեան հակիրճ տողերով ներկայացուց պրն.  Եղնազարեանը:

Վերջաւորութեան  թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ,  զոյգ դպրոցներու տնօրինութեան եւ անձնակազմի  անունէն յուշանուէր յանձնուեցաւ  պրն. Եղնազարեանին: Գիրքի շաբթուան  առթիւ գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան համայնքէն ներս գործող գրադարաններու պատասխանատուներ` Հայոց ազգ. «Քանանեան» աղջ. եւ «Կատարինեան» տղ. դպրոցներու գրադարանի վարիչ Կարին Տէր-Մարտիրոսեան, Ս. Ամենափրկիչ Վանքի «Ն. Շնորհալի» գրադարանի վարիչ Վերգինէ Միրզախանեան,  Հայոց ազգ. «Արմէն» երկսեռ կրթահամալիրի գրադարանի վարիչ Այտա Ալեքսանդրեան եւ Նոր Ջուղայի Հայ  մարզա-մշակութային  «Արարատ» միութեան  Մ. Նալպանտեան գրադարանի վարիչ Երանուշ Թահմազեան:

« زیر باران باید رفت (Զիր է պարան պայատ ռաֆթ)» նշանաբանի ներքոյ կազմակերպուած   եւ 7 օր տեւողութեամբ ցուցահանդէսը կը յատկանշուի նաեւ անով, որ   ցուցահանդէսի ծիրէն ներս գնահատելի աշխատանք կը կատարուի զոյգ դպրոցներու  աշակերտութեան  եւ պատասխանատուներուն միջոցով, ուր  ամէնօրեայ կարգով աշակերտութեան ներկայացուցիչներուն միջոցով  կը ներկայացուին նոր հրատարակութիւններ եւ տեղի կ’ունենան   անուանի  դէմքերու հետ ծանօթացում:  Կարեւոր է նշել  նաեւ ծնողական խորհուրդի  ամէնօրեայ ներկայութեան  ու  անշահախնդիր համագործակցութեան մասին, որոնք կը հսկեն ցուցահանդէսը եւ կը մասնակցին վաճառքի աշխատանքին: Ցուցահանդէսի գեղեցիկ որմազդը  սիրայօժար կերպով պատրաստած էր  ճարտարապետ Նայիրի Այվազեան:

Յ.Գ. «  زیر باران باید رفت (Զիր է պարան պայատ ռաֆթ)»   թարգմանաբար  կը նշանակէ  «Պէտք է երթալ անձրեւի տակ» եւ իր  մէջ կը պարունակէ  թարմացման  խորհուրդ: