«Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայագիտական Բաժանմունք»ը Թարգմանական Մատենաշար Հիմնած Է

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է թարգմանական մատենաշարի մը, որուն նպատակն է մարդկային ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ հայերէն կարեւոր բնագիրներ մատչելի դարձնել այլ լեզուներով։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը պիտի կեդրոնանայ՝ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը ստեղծուած բնագիրներու վրայ։ Ան պիտի ընդգրկէ թարգմանական չորս բնագաւառներ.
գ Օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանութիւններ։ Այս բաժնին թիրախը պիտի հանդիսանան ընկերային/մարդկային գիտութիւններու հիմնարար բնագիրներ, գլխաւորաբար եւրոպական լեզուներէ, որոնք հայերէնի թարգմանուած չեն։ Կալուածներու լայն շարք մը նկատի պիտի առնուի՝ ըստ անոնց (միջ) ճիւղային (interdisciplinary) ներգործութեան։
գ Հայերէնէ օտար լեզուներու թարգմանութիւններ։ Հայ իրականութեան մէջ այժմէական նշանակալից բանավէճերու բնագիրներ՝ թարգմանական ծրագրի կիզակէտը պիտի ըլլան, դարձեալ գլխաւորաբար եւրոպական լեզուներէ։
գ Թրքերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ։ Ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ թուրք ժամանակակից ընկերային եւ քաղաքական մտածողութեան ընտրանիի մը վրայ. թարգմանութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ՝ խմբագրուած ծաղկաքաղերու կերպարանքով։

գ Հայերէնէ թրքերէն թարգմանութիւններ։ Վերոյիշեալ մօտեցումը պիտի կիրարկուի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ առկայ կարեւոր բանավէճերու թարգմանութիւններու մատուցումով։

Ըստ թարգմանիչներու առկայութեան, թարգմանութիւնները արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն կրնան ըլլալ։ Այս նախաձեռնութեամբ մեր նպատակն է տուեալ բնագիրները տրամադրելի դարձնել գիտնականներու եւ ուսանողներու՝ գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ, մտաւորական խօսոյթի (discourse) յառաջընթացին սատարելու համար։

Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ հայերէնի արդիականացման՝ նոր բառապաշարի ընդգրկումով, եւ պիտի ընդլայնէ հայերէնի եւ հայերէնէ թարգմանիչներու թիւը։ Նպատակ ունինք գործիքներ եւ պաշարներ զարգացնելու եւ տարածելու, ինչպէս եւ թարգմանիչներու վարժընթացներու մեր աջակցութիւնը բերելու։

Թարգմանելի բնագիրներ յանձնարարելու համար ստեղծուած է մասնագէտներու միջազգային յանձնախումբ մը, որուն անդամներն են.

գ Վարդան Ազատեան՝ Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիա. Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան հումանիթար հետազօտութիւններու ինսթիթութ. դասախօս, Երեւանի ժամանակակից արուեստի ինսթիթութ (Հայաստան)։

գ Շուշան Աւագեան՝ գրական թարգմանիչ եւ դասախօս, Վկայեալ թարգմանութեան ծրագիր, Մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու գոլէճ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան (Հայաստան)։

գ Ռէմոն Գէորգեան՝ հետազօտութեան վաստակաւոր տնօրէն, Աշխարհաքաղաքականութեան ֆրանսական հիմնարկ, Փարիզ-VIII համալսարան, Սէն-Տընի (Ֆրանսա)։

գ Արմինէ Իշխանեան՝ դասախօս եւ ընկերային քաղաքագիտութեան ու զարգացման մագիստրոսներու ծրագիրի տնօրէն, Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան համալսարան (Մեծն Բրիտանիա)։

գ Յակոբ Կիւլլիւճեան՝ հայագիտութեան դասախօս, Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունք, Գալիֆորնիոյ համալսարան, Լոս Անճելըս (ԱՄՆ)։

գ Արտաշէս Մարկոսեան՝ «Արաս» հրատարակչատան նախկին խմբագիր (Թուրքիա)։

գ Սմբատ Յովհաննիսեան՝ դասախօս, Համաշխարհային պատմութեան ամպիոն, պատմութեան բաժին, Երեւանի պետական համալսարան (Հայաստան)։

գ Արա Սանճեան՝ հայոց եւ միջին արեւելեան պատմութեան դասախօս, Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ, Միշիկընի համալսարան, Տիրպորն (ԱՄՆ)։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը յատուկ կայքէջ մը պիտի հաստատէ, ուր պիտի հրամցուին թարգմանութիւններու ելեկտրոնային տարբերակներ (ըստ կարելիութեան), նոր եզրոյթներու թարգմանութիւններ, թարգմանական հարցերու քննարկումներ, պաշարներ եւ առիթներ՝ թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար, ինչպէս եւ լուրեր՝ նախաձեռնութեան զարգացման մասին։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 2016ին, երբ թարգմանուելիք ու հրատարակուելիք բնագիրներու սկզբնական ցանկը յայտարարենք։ 2016ի առաջին ամիսներուն նաեւ պիտի սկսինք ընտրել թարգմանիչներ եւ հրատարակիչներ, որոնց հետ գործակցութիւնը պիտի կայանայ մրցոյթի եւ ուղղակի պատուէրի խառն գործընթացով։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապ հաստատել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին հետ, գրելով carmenias@gulbenkian.pt հասցէին կամ հեռաձայնելով 351 21 782 3347 թիւին

Դոկտոր Էլլի Անդրէասեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ոսկիէ Մետալ»ով

Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2015-ին, յետ Ս. Պատարագի, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ՝ Պըրպէնք, գլխաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, հանդիսաւոր արարողութեամբ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկիէ Մետալ»ով: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Դոկտ. Անդրէասեանի տարիներու վաստակը եւ անոր լամբակը զարդարեց ոսկէ մետալով:

Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան իգական սեռի այն ներկայացուցիչներէն է, որուն համար ամերիկահայ կրթօճախը դարձած է երկրորդ տուն աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր: Ապրելով մայր հողին վրայ եւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալով Երեւանի Պրիւսովի անուան Ռուսաց եւ Օտար Լեզուներու համալսարանէն, նոյն հիմնարկէն ներս դասաւանդած է ֆրանսերէն լեզու եւ ֆրանսական գրականութիւն: Ապա անցնելով Միացեալ Նահանգներ, նշանակուած է տնօրէն Պոսթոնի ՀԲԸՄի վարժարանին, նոյն շրջանին հետեւելով նաեւ Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի Ծառուկեան վարժարանին՝ այցելու տնօրէնի կարգավիճակով: Հաստատուելով Լոս Անճելոս, երկար տարիներ վարած է ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի փոխ-տնօրէնի պաշտօնը՝ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը: Ներկայիս ան կը շարունակէ իր նեցուկն ու նուիրեալ աշխատանքը ամերիկահայ ուսումնական կեանքէն ներս, պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով եւ ղեկավարելով Արեւմտեան թեմի Շաբաթօրեայ բոլոր վարժարանները, ինչպէս նաեւ մաս կազմելով ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանի Կրթական Մարմինին: Դոկտ. Անդրէասեան գործօն անդամ է Արեւմտեան Ամերիկայի դպրոցներու եւ գոլէճներու ընկերակցութեան վերաորակաւորման աշխատանքներուն (Western Association of Schools and Colleges  – WASC), այցելելով ամերիկեան տարբեր վարժարաններ:

Յետ եկեղեցական արարողութեան Դոկտոր Անդրէասեանի անմիջական շրջանակը, խումբ մը գործընկերներ եւ բարեկամներ խմբուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ: Բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսք արտասանեց մեծարեալին դուստրը՝ Օրդ. Արուս Անդրէասեան, ապա նախկին թէ ներկայի գործընկերներ, մտաւորականներ եւ բարեկամներ գնահատելով Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանի կրթական վաստակը, ջերմօրէն շնորհաւորեցին եւ քաղցրանուշ յուշերով, սրտի խօսքերով, բարեմաղթութիւններով ու խանդավառ ելոյթներով փոխանցեցին իրենց զգացումները:

Յուզիչ, սակայն ինչպէս միշտ՝ հողի ուժին նման ամուր էր մեծարեալին խօսքը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն 2006 թուականին իրեն շնորհուած «Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ» շքանշանին եւ բազմաթիւ պատուոգիրերու կողքին, նոյնքան մեծ եւ հաւասար նշանակութիւն ունի հայրենի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուիլը: Պետականութեան ներկայութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս կեանքէն ներս նոր թեւ ու թռիչք կու տայ գործելու նո՛ր եռանդով եւ նո՛ր ոգիով:

Յաջողութիւն, երկար եւ առողջ կեանք կը մաղթենք Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանին, որպէսզի շարունակէ ազգային-հասարակական կրթանուէր իր առաքելութիւնը՝ ամերիկահայ մեր կեանքէն ներս:

Հ.Ս.

«Ոսկիէ Մետալ»ի շնորհման հանդիսաւոր պահուն
«Ոսկիէ Մետալ»ի շնորհման հանդիսաւոր պահուն
Դոկտ. Անդրէասեան շրջապատուած իր դուստրերով եւ գործընկերներով
Դոկտ. Անդրէասեան շրջապատուած իր դուստրերով եւ գործընկերներով

Andreassian2

Ս. Ծննդեան Համերգ

Հայ ժողովուրդը Հայրենիքի մէջ թէ այլուր, մշակոյթը դարձուցած է իր անբաժան ընկերակիցը եւ ինքնապահպանման երաշխիքը: Գրական ստեղծագործութիւններով, թատերական թէ երաժշտական ելոյթներով, ինչպէս նաեւ այլ տիպի գեղարուեստական հանդէսներով, կրցած է հայրենի հողէն իր հեռաւորութիւնը հատուցել ոգեղէն հայրենիքով:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնութիւնը, գիտակցելով մշակոյթի եւ արուեստի արժէքին ու կարեւորութեան, իր կրթական առաքելութեան կողքին ոչ մէկ ջանք խնայած է՝ մշակութային լաւագոյն ծրագիրները հրամցնելու լիբանանահայ գաղութին:

Արդարեւ Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-00ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ վարժարանիս կազմակերպութեամբ Ս. Ծննդեան համերգը, որ կը վայելէր  նախագահութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեանի, որուն նախագահութեամբ անդրանիկ հանդիսութիւնն էր այս համերգը: Ներկայ էին արհիապատիւ գերապայծառ տիարք՝ Գէորգ արք. Խազզումեան, Մանուէլ արք. Պաթաքեան եւ Սարգիս եպս. Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ գերյարգելի ու գերապատիւ վարդապետներ, նախկին պետական նախարար Տիար Ժագ Չուխատարեան, եւ զօրավար Նազարէթ Գաբրիէլեան:

Ելոյթին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ  վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ  ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ երգն ու երաժշտութիւնը կ’ազնուացնեն մարդու հոգին  եւ կը պայծառեցնեն անոր միտքը, հետեւաբար հայրենի աստղ Մարինէ Գրիգորեանի եւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր` լիբանանեան «Ֆայհա» երգչախումբին կատարողութեամբ այս ելոյթը, ներկաներուս ոչ միայն կը պարգեւէ երաժշտութեամբ ոգեւորուելու գեղեցիկ առիթ մը, այլեւ բոլորիս կը պարգեւէ տօնական ջերմ մթնոլորտ՝ յիշեցնելով, թէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մեր մէջ կը վերածնին մարդասիրական բոլոր վեհ զգացումները»: Տիկ. Պոյաճեան առիթը պատեհ համարեց կրկին շնորհաւորելու նորօծ օգնական եպիսկոպոս Ասատուրեանը, եւ անոր մաղթեց քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ բեղուն գործունէութիւն:

Յայտագրին սկիզբը ջութակի նուագի «Ave Maria» կտորով ելոյթ ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի աշակերտուհի Արեւ-Մարիա Պոյաճեան:

Հայրենի արուեստագիտուհի Մարինէ Գրիգորեան խորհարդաւոր կերպով բեմ բարձրանալէ ետք ներկաներուն հրամցուց Կոմիտասի, Մելիք Մավիսաքալեանի, Ալեքսէյ Հեքիմեանի եւ օտար երաժիշտներու երգեր, ինչպէս «Օրօր», «Չինար Ես», «Քելեր-Ցոլեր», «Կռունկ», «Մանուշակ», «Անի», «Էլեգիա», ինչպէս նաեւ օտար երգեր՝ «My mother», «Chanson Espagnole», եւայլն: Դաշնամուրով անոր կ’ընկերակցէր հայրենի արուեստագիտուհի Սոնա Իսրայէլեան:

Համերգի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան «Ֆայհա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: Անոնց առաջին երգն էր «Սուրբ, Սուրբ» շարականը, որուն յաջորդեց ճոխ երգացանկ մը, որ կ՛ընդգրկէր արաբերէն երգերու կողքին «Կիլիկիա», «Շորորա», «Ով Զարմանալի» շարականը, եւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը՝ Մարինէ Գրիգորեանի ընկերակցութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով հնչեց նաեւ քրիստոնեայ-իսլամական համակեցութիւնը դրսեւորող երգ մը՝ նուիրուած Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Մոհամատ մարգարէի ծննդեան տօներուն, որոնք այս տարի կը զուգադիպին միեւնոյն ժամանակաշրջանին: Ս. Ծննդեան երգերու տօնական մթնոլորտով «Ֆայհա» երգչախումբը աւարտին հասցուց գեղարուեստական յայտագիրը:

Հուսկ Ասատուրեան եպիսկոպոսը  խօսք առնելով ըսաւ, թէ բոլորս ալ կը պատրաստուինք Ս. Ծննդեան տօնը դիմաւորելու եւ այս առիթով նուէրներ կը գնենք մեր սիրելուն, բայց չմոռնանք «պզտիկ մանուկ»ին նուէրը, որն է մեր գեղեցիկ աղօթքը եւ մտածումը Քրիստոսի մասին, որ պէտք ունի մեր հոգեւոր կեանքին ու իրեն նուիրուելու մեր պատրաստակամութեան: Գերապայծառ հայրը շնորհաւորեց վարժարանիս տնօրէնութիւնը՝ այս ձեռնարկի կազմակերպութեան համար, ինչպէս նաեւ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանը՝ վարպետօրէն ղեվակարելու համար «Ֆայհա» երգչախումբը, որ դարձած է Լիբանանի խաղաղասէր եւ արուեստասէր դէմքը:

Երգահանդէսին յաջորդեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ցուցահանդէս-վաճառք:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  

Արեւ-Մարիա Պոյաճեան
Արեւ-Մարիա Պոյաճեան
Մարինէ Գրիգորեան
Մարինէ Գրիգորեան
«Ֆայհա» երգչախումբ, ղեկավար՝ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան
«Ֆայհա» երգչախումբ, ղեկավար՝ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան
Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս, կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան՝ վարիչ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ վարիչ Լսատեսողական բաժանմունքի:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Թուրքիոյ եւ միջազգային մամուլի կարեւոր օրկաններու ներկայացուցիչները՝ Ճումհուրիյէթ, Հիւրրիյէթ, Ռատիքալ, Րոյթըրզ եւ BBC, ինչպէս նաեւ քաղաքական զանազան հոսանքներու պատկանող մտաւորականներ, Թուրքիոյ մէջ Իրլանտայի եւ Հոլանտայի հիւպատոսները եւ նաեւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան:

Յայտնենք, որ դատի յանձնախումբը նման ասուլիսներ կազմակերպած էր Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ, իսկ միջազգային մամուլը զանազան առիթներով՝ յատկապէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ունեցած հարցազրոյցներուն ճամբով, արձագանգած էր դատին մասին:

Առաջին անգամ ըլլալով, մամլոյ ասուլիս տեղի կ’ունենար Թուրքիոյ մէջ, որուն նպատակն էր թրքական մամուլին ճամբով լայն տեղեկութիւններ փոխանցել Թուրքիոյ ժողովուրդին:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսք առին դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբան՝ Ճէմ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Թանէր Աքչամ եւ Հայր Յուսիկ: Կաթողիկոսարանի բացած դատը լայն հետաքրքրութիւն արթնցուց ներկաներուն մօտ, որոնք զանազան հարցումներու միջոցով յաւելեալ լուսաբանութիւններ խնդրեցին: Ներկաներէն ոմանք շեշտեցին յիշեալ դատին կարեւորութիւնը, հարիւր տարիներ ետք զայն նկատելով եզակի նախաձեռնութիւն մը՝ յոյս յայտնելով, որ թուրք պետութեան համար այս առիթ մը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութեան վերականգնումին:

Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն շուրջ 50 թրքական լրատուամիջոցներ՝ օրաթերթեր, կայքէջեր, ընկերային լրատուամիջոցներ, պլոկներ, լայնօրէն անդրադարձան դատին: Այս առթով Հայր Պետրոսը հարցազրոյցներ ունեցաւ Կարօ Փայլանի (Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի անդամ), Ճէնկիզ Աքթարի (քաղաքագէտ եւ մտաւորական), Մեհմէտ Ալթանի (մտաւորական) եւ Այլա Ժան Եաալքի (Րոյթըրզի լրագրող) հետ, որոնց ամփոփ տեսաերիզը կրնաք տեսնել Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ:

 

 

Նախաձեռնութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը. Զահլէի Մասնաճիւղի Դասախօսութիւն Համշէնահայերու Եւ Տերսիմի Ու Իրաքեան Քիւրտիստանի Հայազգի Հերոսներուն Մասին

Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, Լիբանանի Զահլէ քաղաքը տասնամեակներ շարունակ եղած է հայապահպանման ամրոցներէն մէկը, ուր տակաւին կ՚ապրին իրենց ազգութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած հայեր, սերտ կապեր պահպանելով Սփիւռքի ոստաններուն թէ Հայրենիքի հետ:
Նախաձեռնութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը.ի Զահլէի մասնաճիւղի, շնորհակալ ջանքերով միութեան տեղական վարչութեան Ատենապետ Ճորճ Տէքրմէնճեանի, Ռ.Ա.Կ. Տիգրան Մերճանեան Զահլէի կեդրոնի ատենապետ Գօգօ Մկրեանի, օգնութեամբ պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեանի՝ Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2015ին տեղի ունեցաւ Զահլէի հայութեան համար եզակի դասախօսութիւն մը, որպէս հիւրեր ունենալով միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութէն յատուկ ժամանած համակարգչային մասնագէտ Վիգէն Թօսունեան եւ Ռ.Ա.Կ. Զարթօնք ակումբի անդամներ, իրենց գաղափարակիցներով մասնակցեցան այս յիշարժան մշակութային պատմական իրադարձութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական հիմներու ունկնդրութենէն ետք, Հ.Ե.Ը.-ի վարչութեան անդամ Աւօ Փամպուքեան ներկայացուց լրագրող Համօ Մոսկոֆեանը, զինք բարձրախօսի մօտ հրաւիրելով: Օրուան բանախօսը շուրջ ժամ մը տեսաերիզներու ցուցադրմամբ, Համշէնի եւ Տէրսիսի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, ներկայացուց հայ ժողովուրդի կրօնափոխ թէ քրիստոնեայ մեծագոյն հաւաքականութեան անցեալի, Ցեղասպանութեան տարիներու եւ դէպի իր հայկական արմատները վերադառնալու պայքարը՝ մանաւանդ վերջին քսանամեակին:  Ցուցադրուեցան նաեւ լրագրող Համօ Մոկոֆեանի հարցազրոյցը հայրենի «Շանթ» հեռատեսիլի կայանին հետ, Իրաքեան Քիւրտիստանի գաղթօճախին եւ այնտեղի հրամանատար, հայկական ինքնապաշտպանական ջոկատի ղեկավար Մուրատ Վարդանեանի հետ հանդիպումը Հավրէզ գիւղի մէջ:
Դասախօսութեան աւարտին օրուան բանախօսին ուղղուեցան հարցեր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հայկական ջերմ հիւրասիրութիւն, միտքերու փոխանակում, այս յիշարժան օրուան «յաւերժացում»՝ խմբայնօրէն լուսանկարուելով Պէյրութէն ժամանած պատուիրակութեան հետ:

Թղթակից

IMG_8639

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց ՀԵՀՈՄ-ի Կազմակերպած Ամանորի Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին

Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ բացումը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) կողմէ կազմակերպուած Նոր Տարուան Ցուցահանդէս-Տօնավաճառին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ցուցադրութեան ու վաճառքի համար դրուած էին հայկական արուեստի գործեր, ամանորեայ զարդարանքներ, հայկական խոհանոցը ներկայացնող ուտեստեղէններ, հայկական գինիներ եւ քոնեակներ, տուրմեր, խտասալիկներ, հայկական մրգեղէններ, ձեռագործներ, տնային գործնական պիտոյքներ եւ այլ զարդեղէններ:
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ բարեգործական աշխատանքի գծով ՀԵՀՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք հայերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Պրն. Յովիկ Յակոբեանը, իսկ արաբերէն լեզուով Օրդ. Սինթիա Արապկիրլեանը: Իրենց խօսքին մէջ անոնք շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ սոյն ամանորեայ ձեռնարկին բարեգործական բնոյթի կարեւորութեան վրայ:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ ՀԵՀՈՄ-ի ունեցած դերին ու աշխոյժ գործունէութեան եւ ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ զօրավիգ կանգնին լիբանանահայ բոլոր երիտասարդական միութիւններուն ու քաջալեր հանդիսանան անոնց կողմէ կատարուած ազգանուէր ծառայութիւններուն: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքը ուղղեց ՀԵՀՈՄ-ին եւ ներկաները քաջալերեց, որ մասնակից դառնան իրենց կատարած բարեգործական աշխատանքին:
Յայտնենք, որ սոյն Ցուցահանդէս-Տօնավաճառին գլխաւոր նպատակն է կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակել եւ զանոնք բաժնեկից դարձնել նոր տարուան ուրախութեան: Այս առումով Տօնավաճառի մուտքին զետեղուած են երկու խոշոր տուփեր, որոնց մէջ ժողովուրդը իր սրտաբուխ նուէրը (ուտեստեղէն եւ խաղալիք) պիտի նետէ եւ այդ բոլորը հաւաքուելով պիտի բաշխուին մեր ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Նուիրուած Գրական-Երաժշտական Ձեռնարկ Փրակի Մէջ

Դեկտեմբեր 8ին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի «Փիսեցկա Պրանա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան թեման 2015թ. Չեխական հրատարակութիւններու մէջ» գրական-երաժշտական երեկոյ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրի եւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան համատեղ ջանքերով: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Բանալով երեկոն «Օրեր» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան ներկայացուց՝ 2015 թուականի ընթացքին լոյս տեսած չեխերէն երեք նոր հրատարակութիւնները` Փրակ ծնած աւստրիացի մեծանուն գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպը, ռումանահայ գրող եւ քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» վէպը եւ «Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թողարկումը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ գրականութեան:

Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, որ ամփոփելով ընթացիկ տարուան Չեխիոյ մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները՝ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման միշտ արդիական է եւ յաջորդ տարի եւս պիտի կազմակերպուին այլ ձեռնարկներ: Հայ դիւանագէտը յատուկ կարեւորեց Չեխիոյ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ապրիլ 24ի ձեռնարկներուն եւ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը Ապրիլ 14-ին: Դեսպանը նաեւ բարձր գնահատեց հրատարակուած գիրքերն ու ամսագիրը եւ ողջունեց հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչները:

Երեկոյի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ «Վիշեհրատ» հրատարակչութեան խմբագիր Ֆիլիպ Օուտրատան, որ ներկայացուց մուսալեռցիներու սխրանքը անմահացնող Ֆ․ Վերֆելի վէպի նոր հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ գրողներու միութեան առաջին փոխնախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» վէպի չեխերէն թարգմանութիւնը կատարած Եարմիլա Հորակովան:

«Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թողարկումը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ գրականութեան, զոր ներկայացուց այդ համարի պատասխանատու խմբագիր Փաւլա Նեհասիլովան, որ շեշտեց, թէ առաջին անգամ չեխերէնով ներկայացուած են ժամանակակից հայ գրողներ Վահագն Գրիգորեանի, Արմէն Շէկոյեանի, Անահիտ Թօփչեանի, Ալեքսանտր Թօփչեանի ստեղծագործութիւնները, հայ դասականներու աշխատանքները, օրինակ հատուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» բանաստեղծութենէն, Յովհաննէս Թումանեանի եւ այլ հայ գրողներու գործեր:

Առողջապահական Օգնութիւն Դարբնիկ Ապրող Սուրիահայերուն

Դեկտեմբեր 9-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ՝ աւանդոյթ դարձած առողջապահական այց Արարատի մարզի Դարբնիկ համայնք:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակի տուած տեղեկութիւններով, այցի ընթացքին իրականացաւ տեղի մինչեւ 18 տարեկան 117 սուրիահայերու, իրաքահայերու եւ Խորհրդային Ազրպէյճանէն տեղահանուած անձանց ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական ստուգում:

Անոնցմէ 70ը մասնագիտական բուժման կարիք ունի: Մինչեւ 14 տարեկան երախաները համապատասխան բուժումներ կը ստանան՝ Երեւանի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեգործական հաստատութեան մէջ:

«Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին Դարբնիկ համայնքի մէջ ապրող սուրիահայ տիկին Արաքսեան, որուն երկու թոռնիկները` Արաքսեան եւ Ալինան բժշկական ստուգում անցած են, բժիշկներու այցելութիւնը գնահատելի քայլ համարեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն: «Թոռնիկս Ալինան առողջական խնդիրներ չունի, իսկ Արաքսեայի մօտ բժիշկները որոշ խնդիրներ նկատեցին ու խոստացան ակնոց ուղարկել», աւելցուց տիկին Արաքսեան:
Նշենք, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութիւնը 95 տարիէ ի վեր, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կ’իրականացնէ մարդասիրական եւ բարեսիրական տարբեր ծրագիրներ:

Մեկնարկած է «Իմ Միջոցով Ջաւախքիս Համար» Առաջնորդութեան Ծրագիրը

Օրերս «էլիթ Փլազա» կեդրոնին մէջ մեկնարկած է «Իմ միջոցով Ջաւախքիս համար» խորագիրով ջաւախքահայ երիտասարդներու առաջնորդութեան ծրագիրը, որուն նպատակն է պատրաստել ջաւախքահայ առաջնորդներ, որոնք պիտի կարենան ինքնուրոյն ծրագիրներ նախաձեռնել եւ իրականացնել, գաղափարի մը շուրջ հաւաքել թիմակիցներ եւ առաջնորդել զանոնք, իրենց մասնագիտական ոլորտին մէջ իրականացնող գործունէութիւնը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի յայտնած են Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդէն (ՍՈՒԽ):

Հանդիպման սկիզբը մասնակիցները ողջունած են Ջաւախքին Աջակցութիւն Հիմնադրամի (ՋԱՀ) գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեանը եւ «Հարմոնիա» հոգեբանութեան հանրային զարգացման կեդրոնի հիմնադիր նախագահ Աշխէն Մկոյեանը, որմէ ետք ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացած առաջին սեմինար-քննարկման ժամանակ՝ «Առաջնորդութիւն եւ առաջնորդի մակարդակները» թեմայով ելոյթ ունեցած է  Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի նախագահ, ՋԱՀ գրասենեակի իրաւաբան, երիտասարդական ծրագիրներու ղեկավար Սամուէլ Մկոյեանը:

Օրուան երկրորդ հատուածին մէջ սկսնակ առաջնորդներու համար այնչափ կարեւոր` «Անձնային աճ եւ մոթիվացիա (շարժառիթ)» թեմայով դասախօսութեամբ եւ սեփական փորձի ներկայացմամբ հանդէս եկած է՝ Ռեսօ ապահովագրական ընկերութեան գործակալական ցանցի գծով փոխտնօրէն Յակոբ Յակոբեանը:

Սեմինարի ընթացքին երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տրուած է՝ աշխուժօրէն մասնակցիլ ծաւալող քննարկման եւ արտայայտել իրենց կարծիքներն ու առաջարկները:

Ծրագիրի ընթացքին երիտասարդները պիտի անցնին մօտաւորապէս տասնեակ մը կարեւոր թեմաներու վերաբերեալ դասընթացքներ՝ փորձառու մասնագէտներու կողմէ:

Ծրագրի կազմակերպիչներ եւ աջակիրցներ`

«Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի (ՋԱՀ)

Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի (ՍՈՒԽ)

«Հարմոնիա» հոգեբանութեան հանրային զարգացման կեդրոն

Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի երիտասարդական կազմակերպութիւններու ընկերակցութիւն

Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոց

Կլենտէյլի Մէջ Բացուեցաւ Հայկական Դրամագլուխով Առաջին Դրամատունը Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Կլենտէյլի մէջ բացուեցաւ հայկական դրամագլուխով առաջին դրամատունը ԱՄՆ-ի մէջ: Նոյեմբեր 19-ին տեղի ունեցաւ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան գլխամասի պաշտօնական բացումը: Անիկա ԱՄՆի մէջ առաջին դրամատունն է, որուն բաժնետէրերուն եւ ղեկավար խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը հայեր են:

«Կոլտըն Սթէյթ» դրամատունը համայնքային դրամատուն է, որ պիտի ծառայէ տարբեր գործարարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու: Դրամատունը այսօր ունի 125 միլիոն տոլարային դրամագլուխները: Մենք կը տրամադրենք վարկեր սկսած 500 հազար տոլարէն մինչեւ 5 միլիոն տոլար, հնարաւոր է նաեւ աւելի մեծ գումար տրամադրենք գործընկերային դրամատուներու հետ համատեղ: Կը ներգրաւենք նաեւ աւանդներ եւ կը վճարենք աւելի մեծ տոկոսադրոյք, քան մեծ դրամատուները: Միակ ոլորտը, որ դրամատունը չի սպասարկեր, ան անհատական սպառողական վարկերն են` մեքենաներու վարկաւորում կամ հիպոթեքային վարկեր», ըսաւ դրամատան ղեկավար խորհուրդի նախագահ բաժնետէր Ռապըրթ Սեդրակեան,-  PanARMENIAN.Net –ի փոխանցմամբ կը տեղեկացնէ Asbarez-ը:

Տարիներ շարունակ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ափլընդ եւ Պրէա քաղաքներուն մէջ գործող իր գրասենեակներով, FDIC-ի կողմէ երաշխաւորուած «Կոլտըն Սթէյթ» առեւտրային դրամատունը կերտած է յաջողութեան պատմութիւն, որուն գլխաւոր նախադրեալներէն է անհատական մօտեցումը յաճախորդներուն:

Հայ համայնքի համար «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան առաւելութիւններէն է նաեւ, հայ ղեկավարներու դրամագլուխի ներկայութիւնը այս դրամատան մէջ: «Դրամատան ղեկավարող խորհուրդի 11 անդամներու մեծամասնութիւնը հայեր են, եւ ինչպէս մեր համայնքը` ներգաղթած տարբեր երկիրներէ: Մենք քաջատեղեակ ենք մեր համայնքի մշակութային առանձնայատկութիւններուն եւ անձամբ կը ճանչնանք գործող գործարարութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Այս հանգամանքը մեզի առիթ կու տայ՝ ծառայութիւններ առաջարկելու ատեն հաշուի առնել բոլոր հնարաւոր պահանջները եւ լաւագոյն մօտեցում ցուցաբերել: Մենք աւելի լաւ կը հասկնանք մեր հայ յաճախորդներու կարիքները, քան օրինակ շուկայի մէջ գործող այլ մեծ դրամատուներ, եւ սա մեր առաւելութիւնն է», նշեց «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան բաժնետէր, ղեկավար խորհուրդի անդամ Արտակ Տալտումեանը:

«Կոլտըն Սթէյթ»ը գործունէութեան նոր փուլ մտաւ 2014-ին, երբ դրամատան միացան ոլորտի մէջ երկարամեայ փորձառութիւն ունեցող մասնագէտներ Ռոպերթ Սեդրակեանն ու ընկերները: 40 տարուան աշխատանքային փորձով «Կոլտըն Սթէյթ»ի նախագահ Թոմ Պայինկթըն կը նշէ, որ սիրով կը համագործակցի հայ գործընկերներուն հետ եւ կ՛ըսէ, որ դրամատան մէջ տեղի ունեցող զարգացումները նոր հորիզոններ կը բանան: Դրամատան առաջին բաժնետէրերէն Ճոն Օհանեանն ալ համոզուած է, որ ղեկավար խորհուրդի մէջ բարձրակարգ նոր մասնագէտներու ներգրաւմամբ՝ դրամատունը շուտով նոր բարձունքներ պիտի գրաւէ: «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան մէջ համալրուած ղեկավարող խումբի առաջնային նախաձեռնութիւններէն էր՝ դրամատան գլխամասի տեղափոխումը Կլենտէյլ:

«Կոլտըն Սթէյթ» դրամատունը իր գլխաւոր գրասենեակը հիմնեց Կլենտէյլի մէջ` գնահատելով մեր քաղաքի կարեւոր դիրքն ու պիզնըսի աճի ներուժը: Մենք շատ ուրախ ենք եւ հպարտ, որ բաժնետէրերուն մեծ մասը հայ են, եւ վերջապէս ունինք հայկական դրամագլուխով դռամատուն ԱՄՆ-ի մէջ», նշեց Կլենտէյլի քաղխորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան` վստահութիւն յայտնելով, որ յառաջիկային դրամատունը պիտի բազմապատկէ դրամագլուխի չափերը եւ լուրջ ներկայութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն Հարաւային, նաեւ ամբողջ Քալիֆորնիոյ մէջ ու միաժամանակ պիտի նպաստէ Կլենտէյլի զարգացման:

«Կոլտըն Սթէյթ» դրամատունը կը գործէ քաղաքի գործարար կեդրոնին մէջ: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ֆինանսական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, նաեւ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան երկարամեայ յաճախորդներ: