Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան՝ գլխաւորութեամբ Սփիւռքի հարցերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Հրաչեայ Յակոբեան, Հայաստան-Լիբանան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար, Հայկակ Արշամեան՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, Վարագ Սիսեռեան՝ ՀՀ փոխ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար, Սառա Անճառկոլեան՝ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի աշխատակազմի ղեկավար: Պատուիրակութեան կ՚ընկերակցէր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:
Պատուիրակութիւնը Լիբանան հասած էր Հայաստանին կողմէ երեք հանգրուաններով Լիբանանին համար կատարուելիք օժանդակութեանց առաջին հանգրուանին թռիչքին հետ: Պատուիրակութիւնը Վեհափ առ Հայրապետին ներկայացուց իր առաքելութեան նպատակը եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութեան զանազան երեսները:
Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայ համայնքին իրենց կատարելիք օժանդակութեանց համար: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով եւ կազմակերպուած կերպով: Հետեւաբար, փոխանակ մասնակի հանգանակութիւններ ու նուիրատուութիւններ կատարելու կամ կազմակերպելու, այդ աշխատանքները պէտք է կատարուին Կաթողիկոսարանի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ հաստատուած յատուկ հաշիւներու ճամբով:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

