• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լիբանանահայերը Խիստ Կարիքի Մէջ Են, Շատ Երիտասարդներ Հայաստան Տեղափոխուելու Մտադրութիւն Ունին

07.08.2020   09:34

Ընկերային ծանր կացութիւնը Լիբանանի մէջ շատ աւելի ծանրացած է Օգոստոս 4-ին, մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթիւններուն հետեւանքով: Հայկական սփիւռքի կեդրոններէն մէկը համարուող երկրի մը մէջ, կարիքի մէջ յայտնուած են նաեւ տեղի հայերը: «Ամերիկայի ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Պէյրութի «Հաուըրտ Գարակէոզեան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Սերոբ Օհանեան յայտնած է, որ մօտ 7500 հայ ընտանիք սնունդի, բուժօգնութեան, բնակարաններու նորոգման կամ կառուցման խիստ կարիք ունի. «Տեսանք հայ ընտանիքներ, որոնք կարիքաւոր չէին, բայց դարձան կարիքաւոր»,- ըսած է ան:

«Գարակէոզեան» հիմնադրամը Լիբանանի մէջ կը գործէ շուրջ 80 տարիէ ի վեր՝ բժշկական եւ ընկերային աջակցութիւն տրամադրելով տեղի հայերուն: Պայթումին պատճառով հաստատութիւնը եւս կրած է վնասներ: Եւ ինչպէս Սերոբ Օհանեան ըսած է, իրենք հրաշքով փրկուած են: Եւ կը պատրաստուին վրաններու մէջ շարունակել մարդոց օգնութիւն ցուցաբերել:

Հիմնադրամի տնօրէնին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մարդիկ կարիք ունին նաեւ ընկերային եւ հոգեբանական աջակցութեան: Ինչպէս նաեւ կարիք կայ երիտասարդները ուղղորդելու, որպէսզի կարենան աշխատանք գտնել, կամ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ: Ըստ Սերոբ Օհանեանի՝ անոնց մէջ նման մտադրութիւններ կան: Շատերու մօտ անապահովութեան եւ վախի զգացում կայ Լիբանանի մէջ ապրելու շուրջ, եւ Հայաստանը անոնց համար հայրենիք վերադառնալու ուղի է. «Հայ երիտասարդները կ՝ուզեն վերադառնալ»,- ըսած է ան:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր