Նոր Հրատարակութիւն. «33 Հատընտիր Երկասիրութիւնք»

Ամերիկայի Հայոց Արեւմտեան Թեմի հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ երկլեզու ծաւալուն հատոր մը, 345 էջ, հեղինակութեամբ Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ Արզումանեանի, ուր ընդգրկուած են 33 այժմէական նիւթեր բովանդակող ուսումնասիրութիւններ։ Գիրքը կը բացուի Առաջնորդ Սրբազան Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գնահատագիրով, ուր կ՛ըսուի թէ «Ձեր այս հրատարակութիւնը անտարակոյս սերունդներու հոգին ու միտքը պիտի լուսաւորէ, որպէսզի իրենց մէջ ամրագրեն ճշմարտութիւններ, որոնք պիտի դառնան երաշխիքը առաւել պայծառ արշալոյսներու»։
Հատորը երեք բաժիններով կը զատորոշէ կատարուած աշխատանքը – Նուիրապետական, Ծիսական, Պատմագիտական – փոխն ի փոխ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով եւ լուսանկարներով, ընդամէնը 66 գրութիւններ, ոմանք կարդացուած իբրեւ բանախօսութիւններ, եւ ուրիշներ որպէս գրախօսականներ։ Առաջին բաժնին մէջ նուիրապետական բարձրաստիճան ութ ժամանակակից հոգեւորականներու դրուատիքը կ՛ընծայուի պատմական խորքով, գլխաւորութեամբ Հռոմի ներկայ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապին՝ իր Հայաստան եւ Մայր Աթոռ այցելութեան առիթով։
Երկրորդ մասին մէջ հայ եկեղեցւոյ պաշտամունքին յատուկ երեւոյթներն ու անոնց նկատմամբ հայեցակէտեր կը պարզաբանուին, պատմագիտական եւ աստուածաբանական տուեալներով, յատկապէս պաշտամունքի լեզուի գործա ծութիւնը եւ Պատարագի անաղարտ եւ գրաբար մատուցումը։ Մասնաւոր գրութեամբ մը Հայ Եկեղեցւոյ շարականներուն բովանդակութիւնը եւ անոնց հեղինակ¬ ներուն հազարամեայ պատմական ընթացքը ճշդուած է։
Երրորդ բաժինը պատմագիտական նիւթեր կը շօշափէ ուր քննուած են յարանուանական մօտեցումներ եւ Մայր Աթոռի դիրքը անոնց նկատմամբ։ Հնագոյն նիւթը Համշէնի գաղթավայրին կը վերաբերի զոր մեզի կը հաղորդէ Արաբաց արշաւանքի 8-րդ դարու ժամանակակից հայ պատմիչ` Ղեւոնդ Վարդապետ, որու մասին մերօրեայ գրութիւններ կը վրիպին գաղթողներու ճշգրիտ թուականն ու աղբիւրը անգիտանալով։ Նոյն բանին մէջ արձագանք գտած են հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ արմաշական հայ հոգեւորականներու մէկ կարեւոր մասին նահատակութիւնները։
Կարեւոր անդրադարձ մը կայ նաեւ վերապրող արմաշականներուն անմնացորդ եւ հերոսական աշխատանքի մասին՝ վերակերտելու յետեղեռնեան Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ։ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան անցեալ հարիւրամեակին եւ ներկայ օրերու յատուկ գրութիւններ կը պարզեն վերջին ժամանակներու անակնկալ պարագաները։
Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան
Պըրպենք, 2019
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

