Սուրբ Յարութեան Տօնը Վիրահայոց Թեմէն Ներս

Սուրբ Զատկուան տօնը Վիրահայոց թեմէն ներս նշուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ եւ Հայոց Եկեղեցւոյ կանոններով ու արարողակարգերուն համապատասխան: Ինչպէս Ճրագալոյցի երեկոյեան, այնպէս ալ Սուրբ Զատիկի օրը՝ Թիֆլիսի, Պաթումի, Սամցխէ-Ջաւախքի, Մառնէուլի շրջաններուն մէջ, հաւատացեալ բազմութեան մասնակցութեամբ, տեղի ունեցան սրբազան արարողութիւններ: Եւ քանի որ այս տարի Ուղղափառ Սուրբ եկեղեցւոյ տօնը համընկած էր հայոց եկեղեցւոյ Զատկուան տօնակատարութեան, դարձած էր աւելի տօնական եւ մարդաշատ:
Օրը առանձնապէս տօնական էր Թիֆլիսի մէջ:
Հաւատացեալներով լեցուն էին Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եւ Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիները, բակը եւ մերձակայ տարածքը: Հինաւուրց Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, Անդաստանի արարողութիւն, ապա Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առիթով մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագին ներկայ էին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտներ, համայնքային պաշտօնեաներ, կրթութեան եւ մշակոյթի գործիչներ, բազում հայորդիներ:
Իրենց պատուաւոր ներկայութեամբ՝ հայոց եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւնը յարգած էին վրացական իշխանութիւններու ներկայացուիչները՝ Վրաստանի կրօնի պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշախմաձէի գլխաւորութեամբ:
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Թեմակալ առաջնորդը շնորհաւորեց հաւատացեալները Ս. Զատկուան առիթով, եւ օրուան խորհուրդին մասին ներկայացուած քարոզին մէջ ըսաւ, որ Սուրբ Յարութեան տօնը չարի դէմ բարիի, խաւարի դէմ լոյսի յաղթանակն է: Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ բարիի յաղթանակը լոյս բերէ Հայաստան եւ Վրաստան աշխարհներուն, Հայ Առաքելական եւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցիներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն:
Սուրբ Յարութեան տօնը ոչ սովորական նշուեցաւ Նինոծմինդայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ապրիլ 16-ին Թիֆլիսի օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց Երուսաղէմ-Թիֆլիս չուերթը՝ ուխտաւորներով: Անոնց մէջ էր Նինոծմինդայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ խաչքաւոր Վարազդատ Մարաբեանը` Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանի սուրբ լոյսէն վառած կանթեղով:
Խաչքաւորը գիշերուան ժամը 4-ին Նինոծմինդա հասցուց Սուրբ Լոյսը:
Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կը ծփար հաւատացեալներու բազմութենէն: Բոլորը, տեղի հոգեւոր հովիւ Տէր Արմաշ քհնյ. Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, կը սպասէին բաղձալի հիւրը: Կը բացուին եկեղեցւոյ դռները: Կարմիր ժամաշապիկը հագին, ձեռքերուն մէջ Սուրբ լոյսը, Վարազդատ Մարաբեանը կը մտնէ եկեղեցի: Քար լռութիւն կը տիրէ: Սրբազան լոյսը կը հասնի խորան: Կը հնչեն «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց», «Գովեայ Երուսաղէմ զտէր» աղօթք-սաղմոսները…
Աննախադէպ այս գիշերը Նինոծմինդայի հարիւրաւոր հաւատացեալներ, իրենց ընտանիքներուն հասցուցին Տիրոջ գերեզմանի լոյսը:
Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագներ մատուցուեցան Վիրահայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
armenianchurch.ge
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

