Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Արարողութիւն Պաթումիի Մէջ

Ապրիլ 2-ին, Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ՀԱԵ Վիրահայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանի մատուցմամբ՝ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ` նուիրուած 2 Ապրիլ, 2016-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայ մարտիկներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը։
Այնուհետեւ, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան, հայկական համայնքային կառոյցներու եւ անհատներու կողմէ տեղի ունեցած է ծաղկեդրման արարողութիւն՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղակայուած խաչքարին մօտ:
Ազրպէյճանական պատերազմը դատապարտող ելոյթներով հանդէս եկած են Պաթումիի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեանը եւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանը:
ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը, մասնաւորապէս ընդգծած է, որ մէկ տարի առաջ ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակման ի պատասխան՝ հայ մարտիկները իրենց կեանքի գնով ետ մղած են հակառակորդը` կանխելով Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ոճրագործութիւնները: Գլխաւոր հիւպատոսը նշած է, որ պատերազմի չորս օրերու ընթացքին ցայտուն կերպով դրսեւորուած է հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու անկոտրում կամքը, վտանգի ժամանակ համախմբուելու եւ դիմակայելու ոգին :
Եղիշէ Սարգսեան նաեւ ընդգծած է հայկական կողմի հետեւողական դիրքորոշումը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

