Հայատանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան Հայ Աւետարանական Գոլէճին Մէջ

ՀԱԳ-ի աւանդութիւններէն եղած է, Լիբանանի մէջ, Հայաստանը ներկայացնող դեսպաններուն հետ աշակերտական գեղեցիկ եւ շահեկան հարցազրոյց մը կազմակերպելը: Արդարեւ Տիար Երուանդ Մելքոնեանէն սկսեալ Լիբանանի մէջ ծառայած ամէն դեսպան այցելած է ՀԱԳ եւ հանդիպած աշակերտներուն հետ՝լուսաբանելով զանոնք յուզող ազգային-հայրենական հարցերուն շուրջ:
Ուրբաթ, 17 Փետրուարին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պր. դեսպանին հանդիպումը միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն հետ: Տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան բացման խօսքը կատարելով ներկայացուց հիւրը, ապա 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Վարս-Վարդ Մկրտիչեան յանուն աշակերտներուն ողջունեց դեսպանին ներկայութիւնը ՀԱԳ-ի մէջ:
Պր. Մկրտչեան նախ կոչ ուղղեց աշակերտներուն,որ ջանասէր ըլլան եւ երբեք չծուլանան իրենց պարտականութիւններուն մէջ։ Ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցերուն՝ Հայաստանի անկախութեան հոլովոյթին մասին եւ նշեց այն ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, որոնց կը դիմագրաւէ Հայաստան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Սփիւռք-Հայրենիք կապերուն եւ Հայաստան-Լիբանան առնչութիւններուն մասին:
Հանդիպումը աւարտեցաւ ՀԱԳ-ի փոխտնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի շնորհակալութեան խօսքով եւ խմբային նկարով, որմէ ետք Պր. Մկրտչեան գրառում կատարեց ՀԱԳ-ի այցելուներու մատեանին մէջ, մաղթելով. «այս կրթական հաստատութեան բացառիկ պատմութեան երկարատեւ շարունակութիւն, բեղուն գործունէութիւն»:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

