Երեւանի Քաղաքապետարանը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Սուրիահայ Ընտանիքներուն

Սուրիահայ ընտանիքներուն համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ՝ ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի ալ կեանքի կոչուած են շարք մը ծրագիրներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
2015ի Յունուար–Օգոստոս ամիսներուն քաղաքապետարանին կողմէ ըստ վարչական շրջաններու, 1018 սուրիահայ ընտանիքներու տրամադրուած է բազմաբնոյթ աջակցութիւն: 92 ընտանիքներ ընդգրկուած են պետական ընկերային ծրագիրներու մէջ:
Նշուած ժամանակաշրջանին Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան բժշկական հաստատութիւններ դիմած են 1498 սուրիահայեր, որոնց ցուցաբերուած է անվճար բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում:
Հիմնականօրէն արտահերթ հիմքով Երեւանի մանկապարտէզներ ընդունուած են նախադպրոցական տարիքի 103 երախաներ, քաղաքապետարանի ենթակայութեան թիւով 84 դպրոցներու մէջ կը յաճախեն 452 սուրիահայ աշակերտներ:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ՝ նոր ուսումնական տարուան նախօրեակին երեւանաբնակ սուրիահայ 1-4 դասարաններու 167 աշակերտներ նուէր ստացած են դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ:
Սուրիահայ երախաները մշտապէս մասնակցած են նաեւ մշակութային տարբեր ձեռնարկներու, անվճար այցելած են թանգարաններ եւ մշակութային այլ օճախներ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

