«Հալէպի Հայութեան Իրավիճակը Մեր Գլխաւոր Մտահոգութիւնն է». ՀՀ Սփիւռքի Փոխ Նախարար Սերժ Սրապիոնեան

«Ամէն րոպէ հետեւում ենք Սիրիայի ու մանաւանդ Հալէպի հայութեան իրավիճակին», մեր պաշտօնակից «Արեւելք»ին յայտնած է ՀՀ Սփիւռքի փոխ նախարար Սերժ Սրապիոնեան:
Փոխ նախարարը նաեւ յայտնած է, որ ապահովական մտահոգութիւններու բերումով անյարմար է իրենց ունեցած տեղեկութիւնները եւ Հալէպի հայութեան վերաբերող ծրագիրները հրապարկել:
Ըստ փոխ նախարարին Հալէպի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ քիչ չէ թիւը այն հալէպահայերուն, որոնք փափաք յայտնած են դուրս գալու երկրէն: Նախարարը, որ յարմար չէ նկատած յստակ ծրագիրներու մասին խօսելու նշած է, որ Հալէպի հայութեան տագնապը դրուած է ՀՀ բարձրագոյն մարմիններուն սեղանին եւ այս առումով այնտեղի հայերուն օգնութեան հասնելու բազմազան սենարներ կան ու խնդիրը կապուած է գետնի վրայ գրանցուող զարգացումներուն հետ: Սրապիոնեան նաեւ խօսած է Թուրքիա ապաստանած եւ 9 անդամներէ բաղկացող ընտանիքի մը մասին, որոնք նոյնպէս փափաք յայտնած են Հայաստան տեղափոխուելու,«գիտենք նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները համաձայնութիւն են տուել, որպէսզի այդ ընտանիքը Հայաստան փոխադրուի», աւելցուցած է փոխ նախարարը: Սրապիոնեան նաեւ վստահեցուցած է, թէ որեւէ զարգացումի պարագային Սփիւռքի նախարարութիւնը, ինպչպէս նաեւ ՀՀ օրինապահ մարմինները պատրաստ են կարեւոր կարգադրութիւններ ընելու՝ վտանգի գօտիէն դուրս հանելու համար մինչեւ այս պահը Հալէպի մէջ դիմադրող հայորդիները:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

