Պէյրութի մէջ՝ Հայ Երիտաարդին Պահանջատիրութիւնը Խորագրով Հանդիպում

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը կազմակերպած էր «Հայ Երիտասարդին Պահանջատիրութիւնը» խորագրով հանդիպում մը երեքշաբթի, 24 մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Մեսրոցեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Գարատաղլեան: Ան ըսաւ, թէ Ցայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս իրականացուած բազմաբնոյթ միջոցառուներուն Հայ Կաթողիկէ Համալսարականներու Միութիւնն ալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ սոյն հանդիպումով, ապա անդրադարձաւ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հոլովոյթին մէջ երիտասարդութեան ներկայութեան ու դերակատարութեան կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան: Յիշեց, որ 100-ամեակը կը զուգադիպի ՀԿՀՄ-ն հիմնադրութեան 20-ամեակին, որ կ’ենթադրէ նոր թափով ու նոր եռանդով աշխատիլ ու ներդրումն ունենալ միութեան:
Երեք զեկուցաբերները ներկայացուցին Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական, մշակութային, ընկերատնտեսական դիտանկիւններէն դիտուած:
Առաջին զեկուցաբերն էր «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ներկայացուց հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական դիտանկիւնէն, ըսելով, որ հայ դատը քաղաքական հարց է, բայց ներկայ Թուրքիան կ’աշխատի զայն քաղաքական հարթակէն փոխադրել պատմական հարթակ, տկարացնելու հայկական կողմը զայն ձգելով անվերջանալի քննարկումներու ոլորտապտոյտներուն մէջ:
Ան կարեւորեց 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի որոշումը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարը յանձնուի միջազգային իրաւաբաններուն:
Ան ըսաւ նաեւ, որ հատուցման գծով պէտք է նկատի ունենալ երեք դրոյթ՝ անհատական հատուցում, եկեղեցապատկան կալուածներու հարց եւ տարազգային եւ հայրենազրկումի գաղափարը: Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով արդէն համաձայնած է ազգային իղձերու պահանջատիրութեան դրոյթին եւ համազգային իղձերու վերականգման գործին:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի Անի Եփրեմեանը, որ ներկայացուց հայ երիտասարդին պահանջատիրութեան պատմաշակութային երեսը: Ան յիշեց, որ Մեծ Եղեռնին հայութեան ֆիզիքական կորուստին հետ ոչնչացուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի պատմշակութային արժէքները՝ ինչպէս յուշարձանները, եկեղեցիները, դպրոցները: Ան հաստատեց, որ հակառակ Թուրքոյ ուրացման քաղաքականութեան, կարելի չէ հայ հանճարը ու արուեստի գործերը հեռացնել իրենց բնօրրանէն, որովհետեւ հողն ալ իր յիշողութիւնը ունի: Օսմանեան կայսութեան օրերէն ծայր առած պատմամշակութային արժէքներու բնաջնջումը շարունակուած է մինչեւ 19-րդ ու նաեւ 20-րդ դարու վերջին քառորդին ու աւելի, ըսաւ ան:
Թուրքիա միտումնաւոր կերպով կատարած է իր մշակութային ցեղասպանութիւնը, որպէսզի հայ քաղաքակրթութեան վկայութիւները, հայ հոգեւոր արժէքները ու հայ իրականութեան գոյութեան փաստը վերացնէ տարածաշրջանէն:
Երրորդ զեկուցաբերն էր «Զարթօնք» օրաթերթի պատասախանատու խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը, որ Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը ներկայացուց ընկերատնտեսական անկիւնէ: Ան հայոց պահանջատիրութեան ուղիին վրայ սոսկական գաղափաներու կողքին կարեւորեց գործնական քայլերը օգտագործելու ինքնաքննադատական մօտեցումը: Ան յայտնեց, որ համայն հայութիւնը պարտաւոր է ունենալ պահանջներու յստակ սահմանում: Իսկ Հայ Դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս, կարեւորեց այն աշխատանքը, որ կը միտի Թուրքիոյ կեցուածքին մէջ նուազագոյն ճեղքը բանալ: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութեան հետեւանքները մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին, թէ ՛Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան հատուածներուն վրայ: Յակոբեան առաջ քաշեց նաեւ բռնի իսլամացած հայերու պարագան եւ անոր դրական օգտագործումը հայկական պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ ռազմավարականօրէն կենսական նկատեց:
Սեւակ Յակոբեան աւարտեց իր խօսքը նկատել տալով, որ հայ երիտասարդը պէտք է մղել աշխատանքի ու դաստիարակել գիտական գործնական սկզբունքներով, գաղափարներու կողքին, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ Հայ Դատի բարւոք լուծման:
Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն եւ մանաւանդ երիտաարդներուն տուած հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

