Որպէսզի Իրերը Շարունակեն Ապրիլ Եւ Յուշել – Առցանց Թանգարանի Ծրագիր

Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներէն մին է՝ ստեղծել Մեծ եղեռնէն վերապրած իրերու առցանց թանգարանմը (online museum)՝ «Հարիւր վերապրած իր՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար» կարգախօսով։
Ծրագիրը Գանատայի հայ դպրոցներէն սկսած է արդէն Օգոստոս 2014-էն ի վեր։ Աշակերտները իրենց ծնողներուն, մեծ ծնողներուն, ազգականներուն մօտ կ՚ որոնեն առարկաներ, ինչպէս օրինակ՝ գիրքեր, զարդեղէններ, լուսանկարներ, բացիկներ, հագուստներ, գորգեր, կարպետներ եւ այլ իրեր, որոնք 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրած են ու սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած են մեր օրերուն, հասած են մեզի՝ այստեղ։ Առարկաները պիտի լուսանկարուին ու աշակերտները գրի պիտի առնեն անոնց պատմութիւնը, այդպիսով ծանօթանալով ու տէր կանգնելով մեր ժառանգութեան ու պատմութեան։
Այժմ աշխատանքը կը կատարուի դպրոցներէն դուրս եւս ու այսու կը դիմենք ձեզի նոյն նպատակով։
Այս ծրագրին ընդմէջէն 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մշակոյթի նիւթեղէն ժառանգութեան մասին իրազեկ պիտի դառնանք, միաժամանակ անմիջականօրէն առնչուելով մեր ընտանիքի թէ ազգի պատմութեան, բայց մանաւանդ զայն սեփականութիւնը դարձնելով նոր սերունդին։
Հաճեցէք ապահովել ձեր վերապրած իրի պատմութեան արձանգրութեան օրն ու ժամը և ընտրել թուականը հետեւեալ օրերէն.- Մարտ 21, 28, ապրիլ 18, 2015, առ. 10-էն 12:30, նշելով ձեր նախընտրութիւնը հեռաձայնելով 514-331-9571 թիւին: Արձանագրումը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ վարժարանէն ներս, 3400 Nadon, Մոնթրէալ։
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի
Դաստիարակչական Յանձնախումբ
Մեզի հետ կապուելու համար գրել հետեւեալ հասցէին
sima.aprahamian@concordia.ca
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

