Ի Յիշատակ Պրն. Երուանդ Պապայեանի

Պրն. Երուանդ Պապայեանի մահուան տխուր առիթով, Լոս Անճելըսի Այնթապցիներու մշակութային միութեան վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալին կեանքի ընկերոջ՝ տիկին Ռոզինին, զաւակներուն, թոռնիկներուն, այնթապցի հայրենակիցներուն եւ համայն հայութեան։
Պրն. Պապայեան իր ամբողջ գիտակցական կեանքը եւ մտաւոր կարողութիւնը նուիրած է հայ դպրութեան, հայ մշակոյթին եւ իր ազգին։ Եղած է երկարամեայ վաստակաւոր դաստիարակ եւ տնօրէն, եռանդուն բանախօս, բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ եւ օրինակելի հայորդի։ Ան հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն սերմանած է բազմաթիւ սերունդներու։
Ան առաջին օրէն եղած է մեր վարչութեան գլխաւոր հիմնադիրը եւ նախագահը ու մեծ հմտութեամբ ղեկավարած է մեր վարչութեան գործունէութիւնը։ Այնթապցիներու մշակութային միութիւնը իր ղեկավարութեան տակ, արժանացած է քոյր հայրենակցական միութիւններու յարգանքին եւ հիացմունքին։
Ան հպարտ էր իր հայրենի Այնթապ քաղաքով եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը վերյիշէր պատանի տարիքին իր բերած համեստ մասնակցութիւնը Այնթապի հերոսական ինքնապաշտպանութեան։
Երկար տարիներ ծառայած է հայ մամուլին իր բովանդակալից եւ իմաստուն յօդուածներով, յուշագրութիւններով։ Գնահատած եւ քաջալերած է հայ երիտասարդ տաղանդները, տարածած է հայ մշակոյթը, սատար կանգնած է Սփիւռք-հայրենիք ամուր կապերուն։ Իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի »Նոր Այնթապ« աւանի հիմնադրութեան եւ աւանին մէջ կառուցուած ժանեակի գործարանին ու հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանին։ Շրջան մը խմբագրած է »Նոր Այնթապ« տարեգիրքը, Պէյրութի մէջ։ Ամերիկա հաստատուելէ ետք (1986), ան շարունակած է յօդուածներով իր մասնակցութիւնը բերել սոյն տարեգիրքին։ Պրն. Պապայեանի գլխաւոր գործերէն մէկն է Այնթապի պատմութեան լայնածաւալ 3րդ հատորը (1993)։
Հայ ժողովուրդը, մանաւանդ այնթապցիները, հպարտօրէն պիտի յիշեն անոր վաստակաւոր ծառայութիւնները։ Կ՛աղօթենք որ իր յիշատակը անմար մնայ սիրտերուն մէջ անոնց, որոնք վայելած են իր ներկայութիւնը, օգտուած են իր ծառայութիւններէն եւ արժանացած են իր հոգատարութեան։
Կը խոնարհինք իր սիրելի յիշատակին, թող Աստուած լուսաւորէ իր հոգին։
Պրն. Երուանդ Պապայեանի մահով կը սկսի իր անմահութիւնը։
Ի դիմաց՝
ԱՅՆԹԱՊՑԻՆԵՐՈՒ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

