Ոչ եւս է հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեան Մխիթարեան մտաւորական հայրը

*ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – ԱՄՆ*
Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ, հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեանի, որ պատահեցաւ շաբաթ 19 յուլիսին, Լոս Անճելոսի մէջ:
Հայր Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեան, ծնած է սեպտեմբեր 19, 1921 ին Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքին մէջ(այժմ Ռումանիոյ մէկ քաղաքը): Իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք իր ծննդավայրի նախակրթարանինմէջ, 1931-ին, հազիւ տաս տարեկան, մտած է Վիենննայի Մխիթարեան կղերանոցը: Դեկտեմբեր 31, 1944-ինկը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1945-46 տարիներուն կ’աւարտէ իր համալսարանական ուսումը եւ կըստանայ իր մագիստրոսի տիտղոսը Վիեննայի պետական համալսարանէն:
Ի շարս այլ պաշտօններու, 1957-1961 տարիներուն, Պէյրութի Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանէն ներս կըվարէ փոխ տնօրէնի եւ ուսուցիչի պաշտօնը: Կրկին կը վերադառնայ Լիբանան եւ 1972-1978 տարիներուն կըստանձնէ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ժառանգաւորներու բաժինիպատասխանատուութիւնը:
978-1992 տարիներուն եղած է Ընհանուր աթոռակալ այն ատեն Վիեննայի ՄխիթարեանՄիաբանութեան: 1992-էն 2009 եղած է տնօրէն Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանին:
Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական աշխատանքներ, նամանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած: Իսկ այս բոլորէնանկախ հրատարակութեան պատրաստած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը:
Յաջորդիւ կը տեղեկացնենք վաստակաշատ հոգեւորականին յուղարկաւորութեան եւ թաղման մասին որ պիտի կատարուի Վիեննայի մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

