Բարենորոգուած Վատիկանի “L’Osservatore Romano” պաշտօնաթերթի Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2019 թուակիր անգլիատառ շաբաթօրեայ համարին մէջ, կարդացինք Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի հեղինակած վեց ուղերձները՝ տարբեր առիթներով, որոնք մեծապէս ուսանելի են թէ՛ աշխարհականներուն եւ թէ՛ հոգեւորականներուն համար։
Այս ուղերձներուն վերնագրերն են.
- Բարեփոխութեան Սերմնացանները
- Չտարուինք Եսասիրական Անզգամութեամբ
- Հալածանքի Ամէն Տեսակ՝ Մարդու Արժանապատւութեան Վրայ Յարձակում Մըն Է
- Մեր Երազներուն Մռայլ Լամբը՝ Ափօլլոյի Վիճակը 50 Տարիներ Վերջ
- Առաքելութիւն Ունեցող Քահանաներ, Փոխարէնը՝ Արհեստավարժ Կղերներու
- Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան 108-րդ Ընդհանուր Ժողովը
Նիւթերու այս այլազանութիւնը կը վկայէ Ֆրանչիսկոս Ա.ի ոչ միայն մտահորիզոնին ու հետաքրքրութեանց, այլեւ՝ այդ բոլոր մարզերուն մէջ իր գիտակցութեան լայնածիրութեան մասին։
Ներկայ գրութեամբ, պիտի անդրադառնանք միայն առաջին եւ վերջին ուղերձներուն, քանի որ բոլորին անդրադառնալը անհնար է, յօդուածի մը սահմանին մէջ։
Ա. ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆՆԵՐԸ
Առանց բարեփոխութեան չկայ յառաջդիմութիւն, եւ՝ յառաջադէմ Քահանայապետը կը գովաբանէ բարեփոխումի սերմնացանները, եւ կը լուսաբանէ իր յառաջդիմասիրութիւնը։
Այս ուղերձը Պապը ներկայացուցած է Վատիկանի Պօղոս Զ. Պապի անուան մեծ դահլիճին մէջ հաւաքուած՝ 60 երկիրներու ժողովրդային շարժումները ներկայացնող երեք հազար պատգամաւորներու համաշխարհային խորհրդաժողովին։ Ան՝ ժողովրդական ու աշխատաւորական միութիւններու ներկայացուցիչներուն ըսած է. «Ներկայիս տիրական դարձած են դրամի կուռքը պաշտողները։ Փոխանակ ծառայելու մարդկութեան, անոնք կը բռնանան մարդկութեան վրայ եւ կ՚ահաբեկեն մարդկութիւնը։ Ես կոչ կ՚ընեմ՝ ըմբոստանալու դրամի կուռքը պաշտողներուն դէմ, բարեփոխելու համար ներկայի այս իրավիճակը։ Զեզմէ կը սպասեմ, որ շարունակէք պայքարիլ եւ նոր ուղիներ բանալ մարդկութեան յառաջդիմութեան համար, զօրացնելով միլիոնաւոր մարդոց ջանքերը՝ ողջ աշխարհի մէջ, ի խնդիր ընկերային արդարութեան հաստատումին։ Եւ աշխատիլ՝ տապալելու համար վախի պատերը ժողովուրդներու միջեւ, կառուցելու համար անոնց միջեւ համերաշխութեան եւ եղբայրակցութեան կամուրջները»։
Անդրադառնալով ներկայի փախստական արտագաղթողներու միլիոնաւոր զանգուածներու երեւոյթին, ան ըսած է. «Այս տխուր երեւոյթը կը փաստէ մարդկութեան սնանկացումը՝ իր մարդկայնական պարտականութեան մէջ, հրահրելով պատերազմներ ու տնտեսական տագնապներ, որոնց հետեւանքով է որ միլիոնաւոր մարդիկ փախուստ կու տան իրենց հայրենիքէն, աղքատութեան եւ անապահովութեան պատճառներով։ Մինչ միւս կողմէ, այդ հրահրողները գայթակղեցնող գումարներ կը վատնեն՝ փրկելու համար սնանկացող դրամատուները… (ինչ որ այսօր կը ճաշակենք մենք՝ լիբանանցիներս, Գ.Տ.)։ Ջերմօրէն կոչ կ՚ընեմ բոլորիդ՝ մասնակից դառնալ քաղաքական ու քաղաքացիական կեանքի պայքարին, փոխանակ դուք ձեզ բանտելու ինքնամեկուսացումի եւ անտարբերութեան՝ ինքնափճացումին ու փտածութեան մէջ…»։
Եւ իբր եզրափակիչ խօսք, Պապի ուղերձը կ՚ըսէ. «Անհրաժեշտ է, որ ապրինք հասարակութեան ծառայելու կոչումին պահանջած կեանքը՝ սակաւապէտ ու հեզ, որովհետեւ՝ սակաւապետութեամբ ու հեզութեամբ ապրուած կեանքը շատ աւելի մեծ ուժ կու տայ մարդուն, քան՝ YOUTUBE-ի վրայ հազար խօսքերը, հազար գովասանքները, հազար «քեզ կը սիրեմ»ներն ու հազար TWEETER-ային ու տեսաերիզային շաղակրատութիւնները…»։
Քահանայապետին տեսակէտով, մարդը զօրացնող կեանքին կոչումը, հասարակութեան հանդէպ ինքզինք պատասխանատու նկատելով, անոր ծառայելն է։ Մարդկայնականութեան եւ ընկերային արդարութեան ոտնահարումներուն դէմ պայքարն է, դրամի կռապաշտներուն ու պատերազմի հրձիգներուն դէմ ըմբոստացումն է։ Եւ ժողովուրդներու միջեւ վախի անցարգել բարձրացնող ուժերու տապալումն է, եւ փոխարէնը՝ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան ու եղբայրակցութեան կամուրջներու կառուցումը։
Հոգեւորականի մը այս տեսակէտը՝ ոչ մէկ ձեւով կը զիջի աշխարհական իմաստուն ու բարի միապետի մը կամ ժողովրդահայրենասէր օրինակելի տիպար պետական ղեկավարի մը տեսակէտին, այլ իր մէջ կը միաձուլէ՝ թէ հոգեւոր եւ թէ աշխարհական լուսամիտ առաջնորդներու տեսակէտները։
Բ. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԱՄԿ) ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՈՒՂԵՐՁԸ
Ֆրանչիսկոս Ա., հրաւիրուած ըլլալով ԱՄԿ-ի 108-րդ ընդհանուր ժողովին, 10-21 Յունիս 2019 թուին, Ժընեւի մէջ, ԱՄԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կի Ռայտըրի (Guy Ryder) կողմէ, իր ուղերձին սկիզբը, շնորհակալութիւն յայտնած է այս հրաւէրին համար, որովհետեւ՝ «Հակառակ ԱՄԿ-ի թափած բոլոր երախտաշատ ջանքերուն, հարիւրէ աւելի տարիներու ընթացքին, ցաւով կը հաստատենք, որ տակաւին կը շարունակուին՝ շահագործումը, գործազրկութիւնը, անարդար աշխատավարձերը, աշխատանքի վատառողջ պայմանները, անչափահասներու աշխատցնելը, ստրուկ աշխատաւորներու աւանդութիւնը եւ հարցական փորձագիտական մեթոտներն ու աշխատելաձեւերը։ Մինչդեռ՝ աշխատաւորներու կատարած աշխատանքը շատ կենսական նշանակութիւն ունի այս մոլորակի մարդկութեան բարօրութեան տեսակէտէն։ Ինչ որ կը պահանջէ՝ ոչ միայն ընկերային արդարութեան հատուցումը այս մոլորակին վրայ, այլեւ՝ աշխատանքի պայմաններու մակարդակի եւ չափանիշերու բարձրացումը…»։
Եւ կը շարունակէ. «Աշխատանքը սոսկ այն բանը չէ, զոր կը կատարենք, անոր դիմաց ուրիշ բան մը ստանալու համար։ Աշխատանքը, նախ եւ առաջ՝ անհրաժեշտութիւն մըն է, այս երկրի վրայ մեր կեանքին ապահովութեան համար։ Եւ ուրեմն, անբաժանելի մէկ մասն է այս կեանքի իմաստին. ուղի մը աճումի, զարգացումի եւ ինքնահաստատումի։ Ան նաեւ ունի ենթակայական արժէքի տարողութիւն մը, որ արտացոլացումն է Աստուծոյ պատկերին համաձայն մեր ստեղծուած ըլլալուն՝ Աշխատաւոր Աստուծոյ պատկերին (Ծննդոց 2.3)։ Ուրեմն, մենք ստեղծուած են աշխատելու կոչումով։ Աշխատանքը նաեւ հիմնական ազդակ մըն է մարդոց ընկերային զարգացումին, սոցիալացումին, զոր գեղեցկօրէն բանաձեւած էր ինծի նախորդող Յովհաննէս-Պօղոս Զ. Պապը, հետեւեալ ձեւով. «Աշխատանքը՝ ուրիշներու հետ, ուրիշներու համար կատարուած գործ մըն է»։ Եւ աշխատանքը՝ իբր իր միւս պտուղը, առիթներ կը ստեղծէ՝ իրարու հանդիպելու, կապեր հաստատելու եւ փորձառութիւններ փոխանակելու։ Ամէն օր միլիոնաւոր մարդիկ կը համագործակցին մարդկութեան բարգաւաճումին համար, իրենց ձեռային կամ մտային աշխատանքներով ու բարդ կամ պարզ պաշտօններով, հանրութեան բարօրութեան համար՝ սոցիալ սիրով»։ Շատ ուշագրաւ է այստեղ, Քահանայապետին զատորոշումը՝ սոցիալական սիրով, միւս սէրերէն… անձնասիրութիւն, սեռերու սէր, մարդասիրութիւն, ժողովրդասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, եկեղեցասիրութիւն, բնասիրութիւն, ռազմասիրութիւն, դրամասիրութիւն, շահասիրութիւն, արծաթասիրութիւն, փառասիրութիւն, եսասիրութիւն, աստուածասիրութիւն, եւայլն, եւայլն։ Սոցիալասիրութիւնը նոյնական չէ ընկերասիրութեան հետ, որ անհատական գետնի վրայ է, ոչ՝ հասարակական։ Անհատականը սահմանափակ է, հասարակականը՝ անսահման, անեզրական, անանձնական ու համայնական…։
Պապը, կրկնելով կը շեշտէ. «Աշխատանքը, կը կրկնեմ, կարելի չէ նկատել սոսկ ապրանք մը, կամ իրեղէն մը՝ բարիքներու արտադրութեան շղթային մէջ։ Այլ՝ ընդհակառակը, իբր մարդկութեան զարգացման ու յառաջդիմութեան հիմքը կազմող ազդակ, զայն պէտք է նկատել առաջնահերթ ազդակը՝ արտադրութեան շղթայի միւս բոլոր ազդակներուն մէջ, ներառեալ՝ դրամագլուխի ազդակը…»։
Աշխատանքի եւ դրամագլուխի ազդակներու արժէքներուն իսկական այս համեմատութիւնը ճշդելով, արդարադատ Պապը կ՚ուզէ շեշտել ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ առաջնահերթութիւնը միւս բոլոր ազդակներուն հետ բաղդատած, որոնց շարքին՝ դրամագլուխի ազդակին, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ՝ արտադրութեան միջոցները, որոնք դրամատիրութեան հասարակարգին մէջ, սեփականութիւնն են դրամատէրներուն բացառաբար, որոնք արտադրուած հարստութեան մեծագոյն մասը կ՚իւրացնեն, հակառակ իրենց փոքրամասնական ըլլալուն, մեծամասնական աշխատաւորները զրկելով իրենց արդար շահաբաժինէն (այսինքն՝ շահագործելով աշխատաւորները)…»։ Այլ խօսքով, արդարադատ Պապը կ՚ուզէ ցոյց տալ ու շեշտել աշխատաւորներու շահագործումը դրամատէրներուն կողմէ, որ անարդարութիւն է։
Արտադրութեան միջոցներու անհատական սեփականութիւնը՝ շահագործողական է, անարդար։
Մինչդեռ՝ այդ միջոցներուն հաւաքական (պետական) սեփականութիւնը ճշմարիտ սոցիալիստական է եւ արդար։
Քահանայապետը՝ իր ուղերձին մէջ, նաեւ կը շեշտէ աշխատելու կոչումին մէկ այլ պահանջը, որ է՝ շրջապատին ու բնութեան հետ մարդոց վարուելակերպին որակը, որ պէտք է նպաստէ այս մոլորակի պարտէզի պահպանումին, հողը մշակելով այնպիսի ձեւով մը, որ կը գոհացնէ մեր կարիքները, առանց մոռնալու հողը խնամելու եւ պաշտպանելու հրամայականը։ Որովհետեւ՝ աշխատանքը յառաջդիմութեան ուղին ըլլալով հանդերձ, պէտք չէ վնասէ ամբողջ մթնոլորտային առողջապահութեան, անվտանգ պահպանելով անհատներու եւ հաւաքականութիւններու եւ ամբողջ մոլորակին կեանքը։
Քահանայապետը նաեւ մտահոգուած է աշխատանքի պայմաներու առողջապահութեամբ։ Ան ըսած է. «Եթէ այսօր՝ մենք անկեղծ ակնարկ մը նետենք աշխատանքի պայմաններուն վրայ, կը տեսնենք, որ այդ պայմաները չեն յարգեր աշխատաւորներու մարդու արժանապատւութիւնը, դժբախտաբար։ Ուրեմն, մենք պէտք է փնտռենք եւ ճարենք աշխատանքի այնպիսի պայմաններ, որոնք կը յարգեն աշխատաւորներու արժանապատւութիւնը։ Մենք շնորհակալ ենք, որ ԱՄԿ-ը Սուրբ Աթոռը հրաւիրած է մնայուն դէտ մը ունենալու իր կառոյցին մօտ, այս կարեւոր աշխատանքին մասնակից դառնալու առաքելութեամբ»։ Այստեղ մեծապէս ուշագրաւ են երկու մօտեցումներ՝ Նոր Վատիկանի մօտ։ Մէկը այն է, որ աշխատաւորներու բարոյական առողջապահութիւնը կը նկատէ անոնց մարդկային արժանապատւութիւնը…։ Երկրորդը այն է, որ եկեղեցին՝ աշխատաւորներու մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութիւնը կը նկատէ իր առաքելութեան գործնական բաղադրիչներէն մին…։
Իբրեւ հայեր, իրաւունքը չունի՞նք հարցնելու, թէ՝ ինչո՞ւ Հայաստանեայց Եկեղեցին չունի նոյնանման մօտեցումներ…։
Տակաւին, Պապը կը շարունակէ. «Այս կարեւոր հարցին համար, կարգ մը ընկերային շարժումներ եւ աշխատաւորական կազմակերպութիւններ, իբր դրական լուծում, կ՚առաջարկեն «Երրեակ T-եր»ու առաջին շարք մը. Tierra, Techo, Tarabaio (այսինքն՝ հող, տանիք եւ գործ)։ Այլ խօսքով, աշխատաւորներուն ապահովել կալուած մը, բնակարան մը եւ աշխատելու գործ մը, բոլորին՝ հաւասարապէս։ Այս առաջարկը կը հիմնուի այն սոցիալ մարդկայնական սկզբունքին վրայ, որ կ՚ըսէ. «Երկիր մոլորակի բարիքները նախասահմանուած են, ըլլալու տիեզերական սեփականութիւն։ Այս սկզբունքը՝ բարոյական ունեցող սոցիալ կարգերու սկզբունքն է…»։ Այստեղ ալ Պապը չի վարանիր իր դրական կեցուածքը ցուցաբերելու՝ սոցիալիստական կարգերուն հանդէպ, զանոնք «բարոյական ունեցող» որակելով…։ Արդէն տարիներ առաջ, երբ ամերիկացի լրագրող մը Պապին ըսած է, թէ ան «կոմունիստներու գաղափարները կը կրկնէր», Ֆրանչիսկոս Ա. Անտեղիտալի ինքնավստահութեամբ պատասխանած էր. «Մենք չենք որ կը կրկնենք կոմունիստներու գաղափարները, այլ կոմունիստներն են որ կը կրկնեն մեր Տէր Յիսուսի գաղափարները»։ Արդարեւ, կոմունիստները կ՚ըսեն, թէ Մարդու Որդի Նազովրեցի Յիսուս առաջին սոցիալիստ յեղափոխականն էր…։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, կամ աւելի ճիշդը՝ Հայկական Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթը ցարդ ինչո՞ւ համարձակած չէ կանգնիլ սոցիալիստ Նազովրեցիին կողքին, եւ մինչեւ այսօր կը մնայ՝ թէ՛ աւատապետական եւ թէ՛ դրամատիրական, իշխող դասակարգերու պաշտպան՝ Քրիստոսի լուծին տակ…։ (Թէ ինչպէ՞ս աղքատ աշխատաւորներու պաշտպան Յիսուս վերածուեցաւ՝ հարուստ տիրող դասակարգերու պաշտպան Քրիստոսի… տեսնել՝ Eric Fromm, “The Dogma of Christ”)։
Աշխատաւորներու իրաւունքներուն եւ արժանապատւութեան պաշտպանութեան մէջ հմտացած Պապը կ՚աւելցնէ. «Կայ նաեւ՝ հարցին որպէս դրական լուծում, երկրորդ շարքը՝ «Երրեակ T-եր»ու. Tradition, Time, Techno անունով»։
Ապա, ան մանրամասնօրէն կը բացատրէ այս երկրորդ շարքի “T”-երը. «Աւանդութեան, Ժամանակին ու Փորձագիտութեան»։ Մենք պիտի կրճատենք այդ երկար բացատրութիւնները, յիշելով միայն ատոնց հիմնական միտքերը, քանի որ յօդուածի մը նեղ սահմանները չեն արտօներ ատոնց ամբողջական յիշատակումը։
Արդ, աւանդութեան հիմնական միտքը այն է, որ ներկայի բոլոր մարզերու նուաճումները փոխանցուին յաջորդող սերունդներուն։ Ժամանակին հիմնական միտքը այն է, որ աշխատանքի ժամերը կրճատուին, որպէսզի աշխատաւորը ժամանակ ունենայ խորհրդածելու, զարգանալու եւ զբօսնելու։ Իսկ փորձագիտութեան հիմնական միտքը այն է, որ ասոր արձանագրած մեծամեծ նուաճումները չվնասեն բնութեան, կենսոլորտին, որ մեր բոլորին բնակավայրն է։
Այս բոլորին լոյսին տակ, կը պարզուի որ Նոր Վատիկանի Քահանայապետը, հոգեւորական մը ըլլալով հանդերձ, քաջատեղեակ է ողջ աշխարհի ընկերային-հասարակական, քաղաքական, տնտեսագիտական ու փորձագիտական կեանքի նորագոյն զարգացումներուն, իրենց յետին մանրամասնութիւններով…։ Որովհետեւ՝ իր առաքելութիւնը ժողովուրդին ծառայելն է, իբր բարեջան հոգեւոր առաջնորդ, եւ ոչ թէ արհեստավարժ կղերական, որուն եսասիրութիւնը անզգամութիւն կը համարէ, քանի որ արծաթասէր է, եւ իր սքեմը վերածած է՝ գործի, անձնական շահի եւ եկամուտի միջոցի…։
Հոգեւոր առաջնորդի առաքելութեան այս արդի, ժամանակակից գիտակցութիւնը արդեօ՞ք ունին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականները, որոնք թեմեր գրաւելէ յետոյ, զբաղած են «ծուխ»եր ալ գրաւելու եպերելի պայքարով, եւ չեն հսկեր՝ Առաջնորդարանի հրատարակութեանց ու աշխարհական լիբանանահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած հակաստուածեան ու սիոնական քարոզչութեան վրայ։ Իսկ Արեւելահայաստանի մէջ՝ չեն միջամտեր վերջ տալու համար հոն տիրող ազգաքանդ երկբեւեռացումին ու հայրենակործան հակառուսական արշաւին։
Յապաւումով
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը