«Երիտասարդութիւնն է Հաւաքականութեան Մը Գոյատեւումին Երաշխիքը». Ընկ. Սեւակ Յակոբեան 10 Նորագիրներ Միացան ՌԱԿ-ի Շարքերուն

Մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ աննախընթաց ճգնաժամ մը, որ անդամալուծած է ամէն կառոյց, ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակը ու անոր ղեկավարութիւնը կը մնայ պատնէշի վրայ, երաշխաւորելու լիբանանահայ համայնքի ապահով եւ անփորձանք գոյատեւութիւնը:
Այս ծիրէն ներս Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ, կատարուող ցոյցերուն եւ անկարգութիւններուն հարեւանութեամբ տակաւին աշխոյժ կը գործէ Թէքէեան Կեդրոնը, որպէս մեր կազմակերպութեան կեդրոնատեղի եւ «Զարթօնք»ի խմբագրատուն:
Հակառակ վերջին ամիսներու տագնապալի կացութեան կուսակցական շարքերը տակաւին կը մնան կուռ եւ պարբերաբար կը հարստանան նորագիրներով, որոնց պատրաստութեան ու ապա կուսակցական օծելու համար ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ: Արդարեւ, Շաբաթ 13 Յունիս 2020ին 10 նորագիրներու նոր խումբ մը արդէն պատրաստ էր զինուորագրուելու ՌԱԿ-ին:
Անոնք իրենց պատասխանատու երէց ընկերներ` Արմէն Վայէճեանի եւ Կարօ Նիկոլեանի հետ Թէքէեան Կեդրոն ներկայացան վերջին ցուցմունքներն ու խրատները ստանալու, ապա ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեան առաւ իրենց կուսակցական երդումը, որուն միջոցաւ անոնք ուխտեցին հաւատարմօրէն ծառայել ՌԱԿ-ին, Հայ Ժողովուրդին եւ Հայրենիքին:
Ընկ. Յակոբեան նորագիրներուն առջեւ խօսք առնելով շեշտեց առողջ եւ աշխոյժ երիտասարդութեան կարեւորութեանը վրայ, որպէս երաշխիք տուեալ հաւաքականութեան մը գոյատեւման: Ան խրախուսեց նորագիր երիտասարդները ՌԱԿ-ի ճամբով ամբողջական նուիրումով լծուելու Հայ ազգին ծառայութեան գործին՝ հեռու մնալով Հայկական արժէքներու համար խորթ, այսպէս կոչուած ժամանակակից բարքերէ եւ երեւոյթներէ, որոնք հայ պատանին ու երիտասարդը կը շեղէն իր ազգային արժէքներէն եւ հաւատալիքներէն: Ան շեշտը դրաւ գաղափարականի կարեւորութեանը վրայ, որ անձին յաւելեալ արժէք ու խորք կու տայ մարդկային ընկերութեան մէջ:
Աւարտին նորագիրները նախորդող ամիսներուն իրենց կարգին կուսակցութեան շարքերը մտած իրենց հասակակից միւս ընկերներուն հետ ունեցան մտերմիկ խրախճանք մը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

