Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը

Այսօր ընթացք կ՛առնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդապահական կարգով գումարուող 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը (Համագումարը), որ այս անգամ եւս՝ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, կը գումարուի քաղաքամայր Երեւանի մէջ, 23–25 Մայիս 2019-ին: Համաժողովին կը մասնակցին ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ՝ թիւով ընդհանուր 17 միաւորներու պատուիրակները (Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Գանատաներ, Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափի ամերիկաներ, Լատինական Ամերիկա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա-Պելճիքա, Յունաստան, Կիպրոս, Լիբանան, Հալէպ եւ Դամասկոս, Երուսաղէմ, Յորդանան, Եգիպտոս եւ Արցախ) որոնք պիտի քննարկեն կուսակցութիւնը յուզող հարցեր, Հայաստանի, Արցախի եւ Հայաստանեայց մայր եկեղեցւոյ մասին կուսակցութեան տեսիլքը, կուսակցապատկան այլ կառոյցներու հետ առնչուած նիւթեր, ՌԱԿ-ի մամուլի զարգացումը, փոխուող աշխարհին ու ժամանակներուն հետ յարմարելու կարելիութիւնները, յաջորդող տարիներու կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնն ու ռազմավարութիւնը:
ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ տարբեր շրջանակները կուսակցութեան գերագոյն օրէնսդիր մարմնին՝ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին պիտի ներկայացնեն իրենց նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, նոյնը պիտի ընէ ՌԱԿ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը առ ի քննարկում եւ գնահատական իր վերջին երեք տարիներու գործունէութեան:
Աւարտին ՌԱԿ 28-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը պիտի ընտրէ յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին ՌԱԿ-ը ղեկավարող Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Վերոնշեալ համագումարին պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ այսօր՝ 23 Մայիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Երեւանի Best Western CONGRESS հիւրանոցի մեծ դահլիճին մէջ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

