Հաղորդագրութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր հերթական ժողովին երէկ քննարկելէ ետք կարգ մը ներքին կազմակերպչական հարցեր, անդրադարձաւ երկրին կառավարութեան կազմութեան տակաւին ուշացող երեւոյթին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրեց արաբական երկիրներու ընկերատնտեսական գագաթնաժողովի գումարման մանրամասնութիւնները եւ անոր արդիւնքները:
Այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը շեշտեց, որ երկրին տնտեսական իրավիճակը չ’արտօներ աւելի ձգձգել երկրին գործադիր իշխանութեան կազմութիւնը, եւ արաբերէն լեզուով տեղական մամուլին միջոցաւ կոչ ուղղեց առնչուած կողմերուն, որ աճապարեն լուծումներ գտնելու իրավիճակին, ինչը կրնայ ընկերային լուրջ հարցերու տեղիք տալ: Բան մը, որ կրնայ սպառնալ երկրին ներքին ապահովութեան եւս:.
Միւս կողմէ՝ ժողովականները նշեցին, որ լաւատես ակնկալութիւններ ունին արաբական գագաթնաժողովի գործնական արդիւնքներէն ու Լիբանանի մէջ անոր գումարումէն բխելիք օգուտներէն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականներուն, որոնց իրավիճակը արմատական լուծումներու կը կարօտի:
Տեղեկատուական գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

