Չշահագործել Պատահած Սխալը

Կարգ մը լրատուական միջոցներ եւ ընկերային համացանցի օգտատէրեր Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատարին մէկ խօսքը հրապարակային քննարկումի առարկայ դարձուցած են, ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի Հանրապետութեան մասին նախարարին արտայայտած մէկ կարծիքին:
Այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը շեշտէ, թէ խնդրոյ առարկայ նախարարին նպատակը վստահաբար Եգիպտոսը կամ եգիպտացի ժողովուրդը անպատուել չէր եւ իր խօսքը իր շրջագիծէն դուրս գալով սխալ մեկնաբանուած է լրատուական միջոցներու եւ համացանցի վրայ: Տեղին է սակայն նշել, որ ամէն պարագայի նախարարի խօսքը իր անձնական կարծիքն է, որուն համար ան չուշացաւ ներողութիւն խնդրել եգիպտական կողմէն:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ’ուղղէ բոլոր լրատուական միջոցներուն եւ ընկերային համացանցի օգտատէրերուն չշահագործել պատահած սխալը եւ փոխարէնը կեդրոնանալ աւելի շինիչ ու նպատակայարմար նիւթերու վրայ:
Եզրակացնելու համար, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ Լիբանանի պատմական եւ ռազմավարական կապերը Եգիպտոսի ու անոր ժողովուրդին հետ, որոնք ամէն բանէ վեր են ու կը մնան անխախտ:
Լրատուական Գրասենեակ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

