ՌԱԿի Զահլէի Ակումբը Ուշադրութեան Կեդրոն

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը ներքին կազմակերպչական աշխատանքներու ծիրէն ներս Կիրակի 3 Նոյեմբեր 2018ին պատուիրակութեամբ մը այցելեց Զահլէ, կուսակցութեան տեղւոյն ակումբին գործունէութեան ծանօթանալու եւ զայն աւելի եւս զարգացնելու ծրագիրներ մշակելու համար:
Զահլէ մէջ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեց ՌԱԿ Զահլէի ակումբի ատենապետ՝ ընկ. Գրիգոր Մկըրեանը: Ընկերը անմիջապէս ուղղուեցան տեղւոյն Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ներկայ ըլլալու Ս. եւ անմահ պատարագին:
Ապա խումբը ժողով մը գումարեց Զահլէի ՌԱԿի ակումբին մէջ ուր քննարկուեցան ակումբը աւելի եւս բարեզարդելու, անոր գործունէութիւնները ընդլայնելու, տեղւոյն հայկական նօսրացած սակայն հայրենասէր համայնքին հետ յարաբերութիւնները աւելի եւս սերտացնելու եւ այլ հարցեր: Քննարկուեցաւ նաեւ կուսակցութեանս պաշտօնաթերթ «Զարթօնք»ի տպագիրը հասանելի դարձնելու կարելիութիւնը իւրաքանչիւր զահլեցի հայու բնակարան:
Ակումբ այցելութիւնը առիթ մըն էր ՌԱԿի շարքերը մուտք գործելու դիմում ներկայացուցած նորագիր ընկերոջ մը՝ Միհրան Թուխթարեանի երդմնառութեան: Այսառիթով պարգեւատրուեցան նաեւ երեք վեթերան ընկերուհի-ընկերներ՝ Սոնա Սարաֆեան, Սոնա Փամպուքեան եւ Գրիգոր Փամպուքեան:
Ընկերային մթնոլորտով Զահլէի յատուկ հիւրասէր ճաշասեղանի մը շուրջ օրը աւարտին հասաւ: Զահլեցի ընկերները մաղթեցին, որ նման այցելութիւններ աւելի եւս հերթական դառնան, բան մը որ կը խրախուսէ զահլեյաբնակ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ զահլեցի մեր ընկերները մասնաւորաբար:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

