Հայաստանի Ազատ Ու Անկախ Հանրապետութիւնը Այսօր 27 Տարեկան Է

Սիրելի հայ ժողովուրդ, պատմութեան փշոտ քառուղիներէն անցած քու ճանապարհդ վերջապէս բերաւ լուսաւոր այն բացատը, ուրկէ կը սկսի աշխարհին շատ բան տուած, գոյատեւման ու անկախութեան համար երկարատեւ մաքառած ժողովուրդի լուսաբացը:
Իրականացաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքը՝ ազատութեան, անկախութեան համար պայքարը պսակուեցաւ մեծագոյն յաղթանակով: Այսօր կը խոնարհինք անկախութեան համար պայքարած ու նահատակուած բոլոր հայորդիներուն առջեւ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին՝ ձգտելով տեսնել Հայաստանը ազատ ու անկախ, ապահով ու բարգաւաճ:
Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութիւնը այսօր 27 տարեկան է…: Անկախութիւնը հայոց դարերու երազի արդար մարմնացումն է, որ արդէն դարձած է իրականութիւն, եւ ազատութեան տիրացած մեր մինուճար երկիրը, շնորհիւ իր զաւակներուն կամքի զօրութեան, այսօր գրաւած է իր պատուաւոր տեղը ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ եւ ան կը քալէ աւելի քան ինքնավստահ ու հաստատակամ՝ նայելով դէպի լուսաշող ու պայծառ ապագան:
Այսօր՝ 27 տարիներ ետք ձեռք բերուած անկախութենէն, գիտենք, որ ամէն ինչ կատարեալ չէ, եւ երկրին մէջ գոյութիւն ունին շատ մը բացթողումներ, եւ որպէսզի հասնինք ակնկալուածին, մեր երկրի ժողովուրդին առջեւ կան բազմապիսի հարցեր, որոնց լուծումը կը կարօտի ժամանակի, որպէսզի ան՝ հայրենի համբերատար ժողովուրդը, այլեւս ապրի հանգիստ ու բարօր պայմաններու մէջ եւ խաղաղօրէն շարունակէ հայրենակերտումի աշխատանքը:
Սեպտեմբեր 21-ը մեր հաւատքին, մեր համոզմունքներուն ու մեր վստահութեան խորհրդանիշն է:
Շնորհաւո՛ր անկախութեան տօնը:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:
Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

