ՀՀ Անկախութեան 27րդ Տարեդարձին Առիթով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շնորհաւորագիրը Ուղղուած Հայ Ժողովուրդի Զաւակներուն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեզ:
21 Սեպտեմբեր 1991-ին հայրենի ժողովուրդը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ քուէարկեց ԽՍՀՄ կազմէն դուրս գալու եւ անկախ պետութիւն ստեղծելու օգտին՝ այսպիսով վերականգնելով ինքն իր ճակատագիրը տնօրինելու, ազատ, անկախ ու ինքնիշխան պետութիւն ունենալու սեփական իրաւունքը: Միասնական կամքով ու տոկունութեամբ բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարուեցան անկախութեան կերտումի ճանապարհին, ու այսօր 27-րդ տարին է, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը անկախութեան իր տարեդարձը կը տօնէ որպէս կայացած պետութեան տէրը, պետութիւն, որ ունի իր պետական ուրոյն սահմանը, դրօշը, քայլերգը, զինանշանը:
Անկախութեան օրուան առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով յատկապէս կը շնորհաւորէ Հայաստանի ու Արցախի սահմանները ամուր պահող իւրաքանչիւր հայ զինուորին, որուն շնորհիւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ապրող մեր ժողովուրդը կը կարողանայ խաղաղ կեանքով ապրիլ, ուսանիլ ու աշխատիլ, բերք ու բարիք արարել, տնտեսութիւնը զարգացնել:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Դարձեալ շնորհաւորելով ձեզ Հայ ժողովուրդին հպարտութիւն պարգեւող այս կարեւորագոյն տօնին առիթով՝ խաղաղութիւն, երջանկութիւն ու բարեկեցութիւն կը մաղթենք իւրաքանչիւր հայորդիի ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

