Արցախի ԱԺ Մասնակի Ընտրութիւններուն ՌԱԿ Ունի Իր Թեկնածուն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի երկու պատգամաւորի հրաժարականի պատճառով Արցախի ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովը երկու ընտրատարածքներու /թիւ 10 եւ 11/ պիտի անցնէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 Սեպտեմբեր 2018ին:
Այս ընտրութիւններուն համար, Արցախի Լիպերալ Դեմոկրատական (Ռամկավար Ազատական) կուսակցութիւնը առաջադրած է ընկ. ԲԱՐԹՈՂ ՍԱՐԻԲԵԿԻ ԳԱԼՍՏԵԱՆին անունը, որպէս ԱԺ պատգամաւորի թեկնածու թիւ 11 ընտրատարածքին համար, որ կ՛ընդգրկէ Շահումեանի շրջանը, մասամբ Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջանները ընդհանուր թիւով 44 համայնք:
Արցախի Լիպերալ Դեմոկրատական (Ռամկավար Ազատական) կուսակցութիւնը, որ պարագաներու բերմամբ Արցախի մէջ արձանագրուած է նշեալ անուամբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընդունուած է, որպէս աշխարհասփիւռ ՌԱԿի փաստացի լիիրաւ մարմինը Արցախի մէջ եւ մասնիկը մայր կուսակցութեան եւ կը համարուի Արցախի Հանրապետութեան մէջ ՌԱԿի գաղափարախօսութիւնը կրողը եւ տարածողը, նոյն ժամանակ վերոյիշեալ գերագոյն ժողովէն արտօնութիւն ստանալով օգտագործել աւանդական կուսակցութեան խորհրդանիշերը (դրօշ եւ զինանշան):
Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ մեծամասնական ընտրակարգով պատգամաւորի լրացուցիչ ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածու՝ ընկ. Բարթող Գալստեան, նախագահն է Արցախի Լիպերալ Դեմոկրատական (Ռամկավար Ազատական) կուսակցութեան հանրապետական վարչութեան միեւնոյն ժամանակ գործակից անդամի հանգամանք ունի աշխարհասփիւռ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան մէջ:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր աշխարհասփիւռ կառոյցներով եւ անդամակցութեամբ զօրավիգ կը կանգնի ընկեր Գալստեանի թեկնածութեան, յաջողութիւն մաղթելով յարգելի ընկերոջ իսկ Արցախի քաջարի ժողովուրդին ու ազատ Արցախին՝ յաւերժութիւն
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

