«Միրաք»ի Ուրախ, Աշխոյժ Եւ Հաճելի Կիրակին
14.04.2017 10:25

ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման 9 Ապրիլ, 2017-ի կիրակնօրեայ հաւաքը անցաւ շատ հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:
«Միրաք» շարժումի պատասխանատու, ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան, «Թէքէեան Կեդրոն»էն ներս հաւաքուած խումբին ներկայացուց Ապրիլ ամսուան ծրագիրները, որմէ ետք, «Միրաք»ականները ուղղուեցան այգի՝ մասնակցելու երիտասարդական խումբի կողմէ պատրաստուած ծրագրին:
Դաշտային օրը սկսաւ մարմնամարզանքով, որմէ ետք «Սուփըր» եւ «Կիլիկիա» երկու խումբի բաժնուած «Միրաք»ականները անցան մրցակցային խաղերու: Լիցքաթափող խաղերու միջոցաւ անոնք զուարճանքի կողքին նաեւ վայելեցին յաղթանակի բերկրանքը եւ սորվեցան խաղի մէջ պարտութիւնը արժանապատուութեամբ կրելու անհրաժեշտութիւնը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

