ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Տեսակցութիւն Ունեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ Գալուստ Սահակեանի Հետ

Չորեքշաբթի 22 Յունիս 2016-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեանին, ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ:
Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը ողջունելէ ետք, ԱԺ-ի նախագահը անդրադարձաւ ՌԱԿ-ի բազմամեայ պատմութեան, կարեւոր նկատելով անոր անցած ուղին, ձեռքբերումները եւ դերը Սփիւռքի հայապահպանութեան գործընթացին մէջ: ԱԺ նախագահը բարձր գնահատեց Հայ ժողովուրդի համար կարեւորագոյն հարցերու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորումի հարցով, Սփիւռքի ներդրումը: Այս ծիրէն ներս ան կարեւոր նկատեց ողջ հայութեան համատեղ ջանքերը:
Ընկեր Սերխիօ Նահապետեան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար նշեց, որ ՌԱԿ-ի գործունէութիւնը այսուհետեւ ալ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդումին: «Մենք մեր հնարաւորը կ’ընենք, որպէսզի Սփիւռքահայերը մշտապէս հաղորդակից դառնան հայ մշակոյթին, կրթութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն», ըսաւ ընկեր Նահապետեան:
Ընկեր Նահապետեան նաեւ կարեւոր նկատեց Սփիւռքի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորումին կապակցութեամբ: Ան նաեւ վստահեցուց, որ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները շարունակական ընթացքի մէջ են:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

