Ռ.Ա.Կ. 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը կը Գումարուի Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ Ժողովուրդը կը Դիմագրաւէ Բազմաթիւ Մարտահրաւէրներ եւ Սպառնալիքներ». ըսաւ Ընկեր Մայք Խարապեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի Պաշտօնական Բացման Ընթացքին արտասանուած ՌԱԿ շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Մայք Խարապեանի Խօսքը.
Ազնաուափայլ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհի
Կուսակցութեանց եւ հասարակական կազմակերպութիւններու յարգելի ներկայացուցիչներ,
Սիրելի հիւրեր, ընկերներ եւ ընկերուհիներ, Պատգամաւոր և Փոխ-Պատգամաւոր
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կ’ողջունեմ մեր կուսակցութեան 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի բոլոր մասնակիցներուն:
Մեր կուսակցութեան 95-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը տեղի կ’ունենայ մայր հողի վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Ասիկա ո՜չ միայն պատմական եւ խորհրդանշական իրողութիւն մըն է, այլ նաեւ մեր կազմակերպութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ընդլայնման եւ նոր յառաջադրութիւններու նախագծման կարեւոր հանգրուանի մը սկիզբը:
Ռ.Ա.Կ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը կը գումարուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին համազգային ճիգերով եւ ազգային միասնականութեան ոգիով: Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նախայարձակ պատերազմական գործողութիւնները մեզի կը պարտադրեն մէկ կողմ դնելու բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները եւ համախմբուելու հայրենի պետութեան շուրջ:
Այս առթիւ մենք մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի թէ Արցախի մեր քաջարի զինուորներուն, որոնք կը պաշտպանեն մեր հայրենի հողը եւ անառիկ կը պահեն մեր սահմանները: Մենք կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ բոլոր այն զոհուած մեր հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին հայրեն հողը եւ անառիկ պահեցին մեր սահմանները:
Հաւատարիմ մնալով մեր դաւանանքին եւ ընդհանուր ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական Հռչակագրի տրամադրութիւններուն, մենք պիտի շարունակենք նաեւ մեր պայքարը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ մեր իրաւունքներու արդար յատուցման ուղղութեամբ: Մենք համոզուած ենք որ 100-ամեակի առիթով ստեղծուած համազգային համագործակցութիւնը պէտք է շարունակուի, իսկ մենք ամէն ճիգ պիտի գործադրենք այդ համագործակցութեան արդիւնաւոր ընթացք ապահովելու համար:
Սիրելի Ընկերներ եւ Ընկերուհիներ,
Կուսակցութիւններու պատմութեան մէջ միշտ եղած են ներքին հակասութիւններ, պայքարներ եւ հակամարտութիւններ: Մեր կուսակցութիւնը նոյնպէս անմասն չէ եղած այս երեւոյթներէն: Մենք այսօր ալ հաւատացած ենք թէ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, որ կուսակցութեան գերագոյն, օրէնսդիր եւ համարառու մարմինն է, միակ տեղն է բոլոր ներքին անհասկացողութիւնները վերացնելու եւ համերաշխութիւնը վերականգնելու: Այս ընդհանուր ժողովը մեզի լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, երբ կը տեսնենք մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնք մտահոգ մեր կուսակցութեան ապագայով, եկած են խտացնելու մեր շարքերը եւ իրենց երիտասարդական աւիւնով լծուելու ազգային ծառայութեան գործին:
Կեցցէ Հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ Ազատ, անկախ եւ ժողովրդավարական Հայաստանի Հանրապետութիւնը
Կեցցէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

