Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Մեկնարկեց

Երեւանի «Թէքէեան» Կեդրոնին մէջ երէկ սկիզբ առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութէն, Երուսաղէմէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Եգիպտոսէն, Աւստրալիայէն, Յորդանանէն եւ Արցախէն այս առթիւ Երեւան ժամանած իրենց շրջանակները ներկայացնող պատգամաւորներ: Ժողովի բացման ուղերձով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մայք Խարապեան: Ժողովին պաշտօնական բացման ներկայ եղաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ընթերցեց այս առթիւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձը:
Աւելի ուշ երեկոյեան Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու: Նշենք, որ երկու օրերու վրայ երկարող Պատգամաւորական ժողովի աւարտին պիտի ընտրուի ՌԱԿ-ի նոր Կեդրոնական Վարչութիւն:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

