• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պէքաայի Հարս Զահլէի Ռ.Ա.Կ. Տիգրան Մերճանեան Ակումբի Ճաշկերոյթը Մայիս 1-ի Առիթով

06.05.2016   07:22

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Վերածնունդ ապրող Զահլէի Ռ.Ա.Կ. Տիգրան Մերճանեան ակումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր, աշխատաւորներու համաշխարհային օրուան՝ Մայիս 1-ի առիթով փառաշուք ճաշկերոյթ մը կազմակերպելու, տեղւոյն  «Թրի Լայթց» զբօսաշրջիկային կեդրոնին մէջ: Կիրակի միջօրէին յատուկ տրամադրուած հանրակառքով, Պէյրութէն եւ մինչեւ իսկ Այնճարէն հիւրեր, գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներ ժամանեցին Զահլէ, գրկաբաց ընդունուելով  կազմակերպիչներ՝ ընկ. Գօգօ Մկրեանին եւ Ճորճ Տէկիրմէնճեանին ու փափկասուն տիկնանց կողմէ:

Իրենց ներկայութեամբ ճաշկերոյթը պատուեցին պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեան, երկարամեայ նախկին պետական երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան, Զահլէի գործարար աշխարհի եւ Հայաստանի սերտ բարեկամ Փիէր Ֆաթթուշ ու ազգային եւ մշակութային գործիչներ, կուսակցականներ եւ միութենականներ ու ընտանիքներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի դրօշներու հովանիին ներքոյ, բացման խօսք առաւ ու ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց՝ Ռ.Ա.Կ. Տիգրան Մերճանեան ակումբի ատենապետ ընկ. Գօգօ Մկրեան, ազգային թէ կուսակցական հիմներու ունկնդրութենէն ետք: Որպէս քաջալերանք ակումբի գործունէութեան, որուն կեդրոնատեղիին բացումը պաշտօնական յայտարարութեամբ տեղի պիտի ունենայ շուտով Զահլէի մէջ, տիար Փիէր Ֆաթթուշ, երեսփոխան Շանթ Չինչինեան եւ ընկ. Յակոբ Գասարճեան իշխանական նուիրատուութիւններ կատարեցին, որոնց հետեւեցան նաեւ ուրիշներ՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մայք Վայէճեանի:

Ճաշկերոյթի ընթացքին ընկեր Վայէճեան ներկաներուն ներկայացուց Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան ՌԱԿի առաջադրած թեկնածու՝ ընկեր Արա Գոյունեանը եւ Պէյրութի Մըտաուար շրջանի թաղապետի պաշտօնի ՌԱԿի առաջադրած  թեկնածու՝ ընկեր Հրաչ Թաշճեանը:

Ապա հայկական եւ լիբանանեան ու եւրոպական երաժշտութեան ուրախ մթնոլորտի մէջ, խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամերը, որմէ ետք ներկաները ակամայ հրաժեշտ տուին, դարձեալ հանդիպելու վճռակամութեամբ:

DSCN0182

DSCN0187

DSCN0188

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր