• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Նախկին Վաչապետ Սաատ Հարիրի Ընդունեց ՌԱԿի Պատուիրակութիւնը

08.04.2016   18:20

Երէկ՝ 7 Ապրիլ 2016ի յետմիջօրէին, ՌԱԿի Լիբանանի շրջանակը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Պէյրութի Կեդրոնական Տան՝ «Պէյթ Էլ Ուասաթ»ի իր նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի նախկին վարչապետ՝ Մուսթաքպալ Հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիիրի հետ:

Հանդիպման Լիբանանի ՌԱԿը ներկայացուցին՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեան եւ ընկեր Սեւակ Յակոբեան:

Հանդիպումը առիթ մըն էր արծարծելու Լիբանանը եւ տարածաշրջանը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ մօտալուտ քաղաքապետական ընտրութիւններու պարագան:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան անդրադարձաւ Հարիրի ընտանիքին եւ մեր կուսակցութեան միչեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապին, որ սկիզբ առած էր իր երեսփոխանութեան շրջանին՝ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրերուն:

Ընկ. Միքայէլ Վայէճեան հաստատեց այդ կապին անժամանցելիութիւնը եւ նախկին վարչապետին վստահեցուց, որ ինչպէս միշտ, ապագային ալ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ իր դաշնակիցներուն:

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան արծարծեց Կուսակցութեանս դաւանած ազատական գաղափարախօսութեան համընկնումը Մուսթաքպալ հոսանքի  եւ Մարտ 14 Ուժերու անուան տակ գործող բոլոր ազատատենչ կազմակերպութիւններու հաւատամքին հետ՝ ինչ կը վերաբերի ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը ստեղծման: Ան հաստատեց, որ Կուսակցութեանս Լիբանանի օրկանը ինչպէս միշտ՝ ապագային ալ ջատագով պիտի մնայ վերի հաւատամքի իրագործման:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի բարձր գնահատեց ՌԱԿի հետ գործակցութիւնը՝ յուսալով, որ այդ մէկը լաւագոյնս կ՛արտացոլայ գալիք օրերու լիբանանեան իրագործումներուն մէջ:

Աւարտին ընկեր Վայէճեան լրագրողներուն առջեւ ելոյթ մը ունեցաւ՝ Լիբանանի հանրութեան պարզաբանելու այցելութեան նպատակները:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր