• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Կուսակցական Իմ Յուշատետրէս» Դասախօսական Շարքի Ա. Հանդիպման Երեկոյ

08.04.2016   23:54

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի եւ հովանաւորութեամբ կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, տեղի ունեցաւ «Կուսակցական Իմ Յուշատետրէս» շարքի առաջին հանդիպումը Թէքէեան Կեդրոնի Ռ.Ա.Կ. լսարանին մէջ:  Ներկայ էին կուսակցական, մշակութային գործիչներ եւ Լիբանանի պետական երեսփոխան Պրն. Շանթ Չինչինեան: Զեկուցաբերն էր երկար տարիներու կուսակցական Ընկ. Դոկտ. Մայք Պօղոսեան: Ան շրջապատուած էր իր նախկին աշակերտներու փայլուն փաղանգով մը, որոնք եկած էին մտիկ ընելու իրենց նախկին ուսուցիչին խօսքը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ կուսակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, դասախօսութեան բացումը կատարեց ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի ատենապետ Ընկ. Վիգէն Թոսունեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը՝ Արցախի մէջ վերջին օրերուն նահատակուած մեր հերոսներուն: Ապա ան ներկայացուց այս դասախօսական շարքը հաստատելու պատճառները: Ան յայտնեց, թէ կուսակցականի մը յուշատետրը իր ամենամեծ դպրոցն է: Այդտեղէն կը ստանանք ուսանելի կեանքի դասեր, իրենց լաւ եւ գէշ կողմերով: Լաւ բաները կը պահենք, իսկ սխալները կը սրբագրենք եւ կը փորձենք բարելաւել մեր գործունէութիւնը: Ան նաեւ պատմեց, թէ ինչպէս հայկական կուսակցութիւնները եւ միութիւնները՝ յանձինս ՌԱԿի եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարներու կատարեցին որբահաւաք, հիմնեցին դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, մշակոյթի կեդրոն: Հայ մարդուն տուին կորով դիմագրաւելու համար դժուարութիւնները օտար հողի վրայ: Անոնք ապագայի տեսիլք ունեցող մարդիկ էին: Անոնք կազմակերպեցին ներգաղթ դէպի Հայրենիք, ուղարկեցին ուսանողներ Հայրենիքի մէջ ուսանելու համար, պատրաստեցին հայերէնի ուսուցիչներ: Անոնց համար հայ մարդը եւ Հայրենիքը սուրբ էին: Անոնք յանձն առին ամէն զոհողութիւն հայուն եւ Հայրենիքին օգտակար դառնալու համար: Այդ ղեկավարները պէտք եղած ատեն նաեւ քննադատեցին յոռի քաղաքականութիւնը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ: Այդ շինիչ քննադատութիւնն էր, որ շարժիչն էր գաղութներուն եւ անոր բացակայութեան միութիւններ առին սխալ որոշումներ ու հայը տուժեց:

Գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ ունեցան Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պիկ Պէնտ» նուագախումբէն Լոռի Եաբուճեանը՝ շուի եւ Փիթըր Մուրատեանը՝ տհոլ: Անոնք նուագեցին Ռուբէն Հախվերտեանի հերոսներու նուիրուած երաժշտական կտորը՝ «Կարմիր կակաչներ»ը գերազանց կատարումով:

Օրուան զեկուցաբերը՝ Ընկ. Մայք Պօղոսեան իր յուշապատումը սկսաւ իր հօրմէն, որ պարզ գիւղացի մըն էր Ուրֆայէն: Ան պատմեց, թէ ինչպէս հայրը եւ եղբայրը փրկուած էին բանակի մէջ ծառայելէ եւ ապաստանած էին հօրը բարեկամ Իպրահիմ փաշային մօտ, որ հայերուն ամբողջ գիւղ մը տուած էր: Այս քիւրտ աւատապետը իր հայանպաստ գործին համար Պոլիս կանչուեցաւ եւ կախաղան հանուեցաւ:

Ջարդէն ետք Ընկ. Պօղոսեանի հայրը օգնած էր ՀԲԸՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի ղեկավարներուն՝ կատարելու համար որբահաւաք, քիւրտերէն եւ արաբներէն դրամով գնելու համար հայ տղաք ու աղջիկներ: Ընկ. Պօղոսեան ցոյց տուաւ այն օսմանեան մեճիտիէները, զոր հայրը ստացած էր որպէս հատուցում իր կատարած ազգային գործին համար՝ ՀԲԸՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի կողմէ: Ան պատմեց, թէ ինչպէս ճանչցած էր հօր բարեկամներէն հալէպահայ Տոքթ. Ճէպէճեանը եւ շատ մը այլ ազգային գործիչներ: Ընկ. Պօղոսեան պատմեց, թէ ինչպէս որպէս Հայկազեան համալսարանի ուսանող միացած էր ՌԱԿ Փորթուգալեան ակումբին եւ մասնակցած հակաթուրք ցոյցերու: Ան պատմեց, թէ ինչպէս տպաւորուած էր երկու կուսակցական ղեկավարներէ՝ Երուանդ Կրպոյեանէ եւ Արթիւր Վայէճեանէ, որոնք գիտէին ինչպէս բարձրացնել իրենց կուսակից ընկերը եւ հայ մարդը: Ան պատմեց, թէ ինչպէս բնաւ չէր վնասած ոեւէ աշակերտի իր ուսուցչական ասպարէզի երկար տարիներուն:

Իր խօսքի աւարտին  Ընկ. Պօղոսեան խրատեց ըլլալ անկեղծ, օգնել բոլոր դիմողներուն եւ արժեւորել մեր ընկերները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պետական Երեսփոխան Պարոն Շանթ Չինչինեանին՝ իր հայանպաստ գործունէութեան համար, նաեւ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեանին՝ իրեն նեցուկ կանգնած ըլլալուն համար:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեան յուշանուէրով մը պատուեց Ընկ. Պօղոսեանը:

Աւարտին մտերմիկ հիւրասիրութիւն մը  եւ կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ մեծարեալին ի պատիւ: Ուշ գիշեր էր եւ մինչեւ Զահլէէն ժամանած մեր կուսակցական ընկերները ակամայ հեռացան: Գեղեցիկ այս երեկոյին մասնակցութիւնը մեծ գոհունակութիւն տուած էր բոլորին: Ներկաները տեսան, թէ ինչպէս գործունեայ մարդը կը ստանայ իր արդար գնահատանքը:

Պատիւ արժանաւորաց:

OLYMPUS DIGITAL CAMERA

OLYMPUS DIGITAL CAMERA

OLYMPUS DIGITAL CAMERA

 

 

 

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր