• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ռակ Կեդրոնական Վարչութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Սանձարձակութիւնները

07.04.2016   08:14

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յանուն իր համայն անդամաշարքին եւ համակիրներուն, կու գայ խստօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանի արկածախնդիր քաղաքականութիւնն ու ռազմական սանձարձակ գործողութիւնները: Անցնող Ապրիլ 1-2-ի գիշերը սկսած հրետակոծութիւնները, Արցախեան հողեր ներխուժումը, անմեղ բնակիչներու սպանութիւնները եւ ամենատարբեր տրամաչափի հրթիռարձակումները ցոյց կու տան, թէ Ատրպէյճան փաստօրէն 22-ամեայ զինադուլը խախտած է եւ պատերազմի ձեռնոց կը նետէ Հայաստանի ու Արցախի վրայ:

Հպարտութեամբ կը յայտարարենք, որ Արցախի պաշտպանական բանակը հերոսաբար կը պաշտպանուի եւ արժանի հակահարուած կու տայ ատրպէյճանական բանակին: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը միջազգային համայնքին եւ աշխարհի ղեկավարներուն կոչ կ’ուղղէ անյապաղ ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի նախագահին եւ ղեկավարութեան վրայ, վերադառնալու համար բանակցային գործընթացին. որովհետեւ միա՛յն խաղաղ ճանապարհով կարելի է հասնիլ մնայուն յաջողութիւններու:

Արցախի հերոս ժողովուրդին կամքով եւ միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքով հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ունի՛ իրաւունքը ինքնիշխան եւ ազատ պետութիւն մը ըլլալու եւ ճանչցուելու Հայաստանի եւ բոլոր պետութիւններուն կողմէ:

Միաժամանակ լրջախոհութեան կը հրաւիրենք բոլոր այն բախտախնդիրները, որոնք կրակի հետ կը խաղան: Կը դատապարտենք Թուրքիոյ կոմնակալ դիրքը, ուր ան իր շահերէն ելլելով տարածաշրջանային տարբեր խաղաքարտեր կը գործածէ:

Արցախը հայկական է իր պատմութեա՛մբ, անցեալո՛վ եւ ներկայով:

Կեցցէ՛ Արցախի քաջ ժողովուրդը: Կեցցե՛ն Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւնները:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

4 Ապրիլ 2016

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր