Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն Այցելեց

Հինգշաբթի 2 Մարտ 2016ի երեկոյեան ժամը 4:45-ին կանխաւ ճշդուած ժամադրութեամբ մը, Թէքէեան Կեդրոն այցելեց Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ կը գլխաւորէր տուեալ կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէսը, ընդունուեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Միքայէլ Վայէճեանի ու վարչութեան անդամ ընկերներու կողմէ:
Այցելութիւնը կը նպատակադրէր փոխադարձ ծանօթացում եւ ապագայի սերտ գործակցութեան հեռանկարներ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու Լիբանանն ու տարածաշրջանը յուզող հարցեր:
Ռամի Ռայէս ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխանցեց՝ Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ողջոյնները, գնահատական խօսքեր ուղղելով Լիբանանահայութեան ու անոր դերին՝ ինչ կը վերաբերի լիբանանեան հայրենիքին զարգացման:
Ռայէս հաստատեց, լիբանանեան ներքին փոխ-հասկացողութիւնները ամրապնդելու ի խնդիր Ժոմպլաթի մշտական կեցուածքը:
Ընկեր Վայէճեան իր կարգին շեշտեց քաղաքապետական մօտալուտ ընտրութիւնները իրենց թուականին անպայմանօրէն կատարելու անհրաժեշտութեան վրայ, հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ անոնք ի բացակայութեան պետական այլ հաստատութիւններու, անմիջականօրէն առնչուած են քաղաքացիին կենցաղային առօրեային հետ, որ անժամանցելի է:
Թէքէեան Կեդրոնի մէջ գտնուած միջոցին հիւրերը այցելեցին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն՝ ծանօթանալու կուսակցութեանս Լիբանանի օրկանին աշխատանքներուն ու տարողութեան, իրենք ալ իրենց կարգին ծանօթացնելով Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան առցանց պաշտօնաթերթ «Ալ Անպաա»ի աշխատանքները:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

