• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ընկեր Ներսէս Ներսէսեան Խմբագրատանս Մէջ

15.02.2016   19:51

Երէկ երեկոյեան Յորդանան վերադարձի ճամբուն վրայ, «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ամմանի Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան ատենապետ Ընկեր Ներսէս Ներսէսեան:

Ընկեր Ներսէսեան շաբաթավերջին Պէյրութ կը գտնուէր իր դստեր՝ Մարալին հետ, մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ գումարուող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Իրագործումներու Արժեւորումին Նուիրուած Խորհրդաժողովին:

Յիշեցնենք, որ ընկեր Ներսէս Ներսէսեան նախագահն է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Տարելիցի Յորդանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին, մինչ ընկերուհի Մարալը նոյն Յանձնախումբի քարտուղարուհին է, որ օր մը առաջ խորհրդաժողովին ներկայացուցած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարելիցի Յորդանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին զեկոյցը:

Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր ընկեր Ներսէսեանին յատուկ՝  սրտբաց խօսակցութեամբ միասնաբար քննարկելու ընդհանրապէս Լիբանանի եւ Յորդանանի հայութիւնն ու մանաւանդ մեր կազմակերպութիւնը յուզող հարցեր:

Նշենք, որ ընկեր Ներսէսեան Մայիս ամսուան մէջ դարձեալ պիտի գտնուի Պէյրութ, մասնակցելու Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած՝ «Հայերը Յորդանանի Մէջ» գիտաժողովին:

«Խմբ.»

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր