• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Ցեղասպանութիւն – 100 Ամեակ»

16.01.2016   09:22

Հովանաւորութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Զարթօնք» Օրաթերթի, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի կազմակերպած «Ցեղասպանութիւն – 100 Ամեակ» ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Ձեռնարկներու Տարեփակի քննական արժեւորումին, տեղի ունեցաւ երէկ՝ Ուրբաթ 15 Յունուար 2016ի երեկոյեան ժամը 7:00ին Թէքէեան Կեդրոնի մէջ:

Ձեռնարկին, որուն ներկայ էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի գրեթէ բոլոր անդամները, Լիբանանահայ հոգեւորական, պետական, կուսակցական եւ միութենական աւագանին, ձեռնհասօրէն վարեց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի ատենապետ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը: Ապա ներկաներուն հեռակապով իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Դոկտ. Հրանոյշ Յակոբեան:

Առաջին բաժինին մէջ զեկուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկ Սեդա Խտըշեանն ու նոյն մարմինի գանձապահը՝ Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեանը:

Ապա «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեան մատուցեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի ձեռնարկներուն նուիրուած «Զարթօնք»ի յաւելուածը:

Սուրճի կարճ դադարէ մը ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինը պատուուեցաւ Տեղեկատուութեան նախարարութեան կողմէ՝ ձեռամբ Նախարար Ռամզի Ժրէյժի ներկայացուցիչ Պրն. Ալպեր Կոստանեանին:

Պահը եկած էր ՌԱԿի եւ «Զարթօնք»ի «Երախտագիր»երը յանձնելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի եւ անոր Երիտասարդական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, որոնքմէ իւրաքանչիւրը իրենց յատուկ «Երախտագիր»երը ստացան ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանէն, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանէն ու «Զարթօնք»ի հրատարակիչ «Շիրակ Ընկերակցութեան» տնօրէն ընկեր Արտեմ Պիւլպիւլեանէն:

Վերջին բաժինը կը վերաբերէր՝ «100ամեակէն Ետք Ի՞նչ. Հայկական Օրակարգը Յաջորդ Հանգրուանին» նիւթի քննարկման: Քննարկողները՝ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանն ու Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանը, իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւնէն եւ իրենց յատուկ ոճով մեկնաբանեցին նիւթը, որոնց իրենց մասնակցութեամբ յաջորդեցին երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ՝ Արին Ղազարեան, Մարիա Չոքաքլեան եւ Արամ Գարատաղլեանը:

Մասնակիցներուն կողմէ եղան մեկնաբանութիւններ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր