Ցաւակցագիր
Ազնուափայլ Ընկերուհի Հերմինէ,
Յարգելի ընկերներ Նուպար, Ասպետ, Շահնուր եւ Անդրանիկ Կրտսեր,
Սիրելի Հարազատներ Քեշիշեան Ընտանիքի
Սրտի խոր կսկիծով իմացանք մեր սիրեցեալ աւագ ընկերոջ, ձեր ամուսնոյն եւ հօր՝ ընկեր Անդրանիկ Քէշիշեանի մահուան գոյժը:
Մեր սիրեցեալ Անդրանիկը հայրենասէր ու կուսակցանուէր ընկեր մըն էր, որուն հետ պատիւը ունեցանք ատենին գործակցելու միասնաբար՝ վերակազմակերպելու եւ ոտքի բերելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի համայն շրջանակը: Իր անդամակցութիւնը մեր համեստ անձին գլխաւորած ՌԱԿ Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութեան մէջ, միշտ ալ կենսական եղած էր՝ շնորհիւ իր տարած անձնուէր եւ վիթխարի աշխատանքին։ Նուազ յիշատակելի չէ մեր հետ իր տարած Միութենական աշխատանքը ՀԲԸՄի Ֆրանսայի շրջանակին մէջ, ուր ողբացեալին հետ միասին կազմակերպած ենք ՀԲԸՄի Եւրոպայի Երիտասարդականի Նաւասարդեան խաղերը Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ: Ան մեր վկայութեամբ երկար ժամանակ վարած է նաեւ ՀԲԸՄի Հարաւային Ֆրանսայի գործիչի պաշտօնը:
Ընկեր Անդրանիկը իր եռանդուն ոգիով եւ բոլորին կողմէ սիրուած նկարագիրով ոգեւորիչ տարր մըն էր, որ կարողութիւնը ունէր իր շուրջ հաւաքելու նոյն նպատակին նուիրուած անձեր՝ միասնաբար ծառայելու մեր սիրելի ժողովուրդին:
Անփոխարինելի կորուստ մըն է Ընկեր Անդրանիկ Քէշիշեանի նման Ռամկավար Ազատականի մը մահը, որուն տիպար օրինակն ու իր ձգած աւանդը տակաւին երկար պիտի յիշուի՝ իր ընկերներուն եւ ապագայի սերունդներուն կողմէ:
Կողակիցս Անին կը միայանայ ինծի՝ յայտնելու ձեզի հոգեհարազատ սիրելիներ իր խորզգաց ցաւակցութիւնները:
Թող, որ ընկեր Անդրանիկի յիշատակը մնայ անթառամ:
Ընկերական սիրով՝
ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

