Հաղորդագրութիւն

Դեկտեմբեր 10, 2015
ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին Նախորդող Խորհրդակցական Ժողով
ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը տեղի պիտի ունենայ քաղաքամայր Երեւանի մէջ, 26-29 Մայիս 2016-ին:
Մայիս 25-ին, Երեւանի մէջ, Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովէն առաջ տեղի պիտի ունենայ Խորհրդակցական Ժողով մը, որուն մասնակցելու համար պիտի հրաւիրուին աշխարհի տարբեր երկիրներէն` ներկայի եւ անցեալի ղեկավար դիրքերու հասած Ռամկավար Ազատականներ ինչպէս նաեւ հետաքրքրուող ընկերներ: Խորհրդակցական Ժողովին մասնակից ընկերները պիտի քննարկեն եւ վերլուծեն նոր ժամանակներու պահանջներն ու մարտահրաւէրները եւ ըստ այնմ լուծումներ առաջարկեն: ՌԱԿ-ի Կանոնագրի որոշ փոփոխութիւններ եւս պիտի առաջադրուին եւ ուսումնասիրուին ժողովին կողմէու յղուին Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին առ ի քննարկում եւ վաւերացում, որպէսզի ՌԱԿ-ը օժտուի աւելի կատարեալ եւ կենսունակ կանոնագրով մը՝ համաշունչ 21-րդ դարու իրականութեանց:
Այս Խորհրդակցական Ժողովը կազմակերպելու աշխատանքները պիտի ստանձնէ ժամանակաւոր յանձնախումբ մը զոր պիտի գլխաւորէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախկին Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-Ատենապետ և փորձառու Ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը: Կազմակերպիչ յանձնախումբի կազմին մասին կը տեղեկացնենք մօտիկ ապագային:
Վերոյիշեալ գործունէութիւններուն՝ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին եւ անկէ առաջ տեղի ունենալիք Խորհրդակցական Ժողովին մասին լրացուցիչ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդենք հետագային:
Ընկերական ջերմ ողջոյններով,
Ի դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Իւճին Քարաճեան Մայք Խարապեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

