ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ – Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողով
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը տեղի պիտի ունենայ 19 – 23 Նոյեմբեր 2015ին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ:
Կուսակցութեանս աշխարհասփիւռ բոլոր Շրջանակներու ընտրած պատգամաւորներու եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու մասնակցութեամբ կայանալիք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի այս անկիւնադարձային հանգրուանին զուգադիպող ՌԱԿ 27րդ հերթական Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, պիտի վերարժեւորէ կուսակցութեանս անցնող շրջանի գործունէութիւնները եւ քննարկէ ու ծրագրէ կուսակցութեանս յառաջիկայի ռազմավարութիւնը եւ ուղեգիծը՝ ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Ղարաբաղին, Սփիւռքին, Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ ու Հայ Դատին նկատմամբ եւ բանաձեւէ իր դիրքորոշումները վերոյիշեալ եւ այլ հարցերու վերաբերեալ ու ճշդէ իր յարաբերութիւնները գաղափարակից թէ այլ կուսակցութիւններու հետ:
ՌԱԿ 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական բացումին ներկայ պիտի ըլլան պետական, կրօնական, քաղաքական եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Իսկ անոր հնգօրեայ աշխատանքային նիստերուն, Պատգամաւորական Ժողովի Դիւանին նախապէս գրուած խնդրագիրով մը, որպէս ունկնդիր կրնան մասնակցելու համար դիմել աշխարհասփիւռ մեր շարքայիններէն բոլոր փափաքողները:
ՌԱԿ 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի աւարտին՝ պիտի ընտրուի ՌԱԿ Կեդրոնական ընթացաւարտ Վարչութիւնը փոխարինող նոր Վարչութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը առաջնորդելու յառաջիկայ շրջանին:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

