«ԶԱՐԹՕՆՔ»ի Լոյս Ընծայման Տարեդարձի Ընդունելութիւն

«Զարթօնք» բոլորեց իր 78 Ամեակը: Իր բարեկամներուն ու ընթերցողներուն հետ միասնաբար տօնելու համար տարեդարձը, «Զարթօնք»ի ընտանիքին կազմակերպութեամբ երէկ՝ Չորեքշաբթի 30 Սեպտեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի 7րդ յարկին վրայ նշուեցաւ սոյն առիթը:
Ներկայ էին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառի ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Տէր Յուսիկ Ծ. Վարդապետ Մարտիրոսեանը, Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեանը, ՀՀ Հիւպատոս Պրն. Աշոտ Վարդանեանը, Լիբանանի Պետական Երեսփոխան Պրն. Ժան Օղասապեանը, Լիբանանի Պետական Երեսփոխան եւ ՀՅԴի ԿԿի ներկայացուցիչ Պրն. Յակոբ Բագրատունին, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը, ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Վիգէն Չէրչեանը, Պետական նախկին երեսփոխան Տոքթ. Նուրիճան Տէմիրճեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախկին ատենապետ ընկեր Կարապետ Պապահէքեանը, պաշտօնակից մամլոյ ներկայացուցիչներ, կուսակցական եւ միութենական պատասխանատու ընկերներ ու անդամներ, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք»ի բարեկամներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, խօսք առաւ ընկեր Յակոբ Գասարճեանը (խօսքը տեսնել առանձին), որմէ ետք խօսք առաւ «Զարթօնք» օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեանը (խօսքը տեսնել առանձին):
Սոյն խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ տարեդարձի կարկանդակի հատումը, ապա կատարուեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը: Այս նշումով «Զարթօնք»ի ընտանիքը վերահաստատեց իր ազգանուէր երթը շարունակելու վճռակամութիւնը։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

