• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Բարի Երթ Պէյրութի ՌԱԿ Պատանեաց Շարժումին

21.06.2015   15:52

Հովանաւորութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ ու հսկողութեամբ ՌԱԿ Երիտասարդաց Միքայէլ Նաթանեան ակումբին սկիզբ առաւ նորաստեղծ ՌԱԿ Պատանեաց Շարժումը:

Մարզական եւ ընկերային ձեռնարկներու շուրջ ի մի եկած ՌԱԿ Պատանեաց Շարժումի անդամները պիտի գործեն Պուրճ Համուտի Վահան Թէքէեան Վարժարանի շրջափակէն ներս, ուր վերջերս ունեցան իրենց յատուկ կեդրոնատեղին:

IMG-20150621-WA0002

IMG-20150621-WA0005

Այս ծիրէն ներս Կիրակի 21 Յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին պասքեթպոլի բարեկամական խաղ մը տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խումբին հետ, որ աւարտեցաւ 55-45 արդիւնքով ի նպաստ ՌԱԿ-ի Պատանիներուն:

Բարի երթ Պէյրութի  ՌԱԿ Պատանեաց Շարժումին:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր