ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանեան Ուժերու Նախագահ Սամիր Ժաաժային

Երեքշաբթի 16 Յունիս 2015ի յետ միջօրէի ժամը 4:00ին, ՌԱԿի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեանին այցելեց Լիբանանեան Ուժերու կեդրոնատեղի՝ Մաարապ, տեսակցութիւն ունենալու անոր նախագահ’՝ տոքթ. Սամիր Ժաաժային հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանեան Ուժերու Պէյրութի համակարգող Պրն. Իմատ Ուաքիմ, կողմերը արծարծեցին Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքի շուտափոյթ լոյս ընծայման կարեւորութիւնը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ կազմակերպել խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կողմերը նաեւ անդրադարձան շրջանին մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին:
ՌԱԿի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Ժաաժային, իր կողմէ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան համար: Պատուիրակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատրաստութեամբ լոյս ընծայուած «Նարեկ» աղօթագիրքի ձեռագրին կրկնօրինակը նուիրեց տոքթ. Ժաաժաին առ ի երախտագիտութիւն:
Աւարտին ընկ. Վայէճեան թղթակիցներուն առջեւ ելոյթ ունենալով պարզեց այցելութեան նպատակը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

