ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ – Ողբ. Ընկեր Վահագն Քիրիշճեանի Ընտանիքին

Ազնուափայլ Ընկերուհի Ծովիկ Քիրիշճեան
Սիրելի Թամար, Սեզա եւ Կարէն
Վշտակիր անդամներ Քիրիշճեան ընտանիքի
Թանկագին հարազատներ,
Սրտի խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի կողակիցին, հօր եւ հարազատին՝ մեր սիրելի ընկեր Վահագնին մահուան գոյժը:
Ընկեր Վահագնը մեզի ծանօթ է, որպէս օրինակելի կուսակցական եւ ազնուական Հայ Մարդ: Այն տարիներ շարունակ իր ազգին ու Հայրենիքին ծառայած է Կուսակցութեանս եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ:
Ընկեր Վահագնին նման նուիրեալ գաղափարի ընկերներուն օրինակը սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց՝անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ յարատեւութեան։
Հոգեհարազատ սիրելիներ,
Այս տխուր առիթով, Ձեր գաղափարակից ընկերները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեանս մէջ, մեր աշխարհասփիւռ շարքային ընկերներուն անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք Ձեր բոլորին:
Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ մեր սիրեցեալ ընկեր Վահագնին:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Իւճին Քարաճեան Մայք Խարապեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

