Միքայէլ Նաթանեանի Դամբարանի Օրհնութեան Առիթով

*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*
Հեռաւոր Նիւ Եորքէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ, սիրելի ընկերներ, որ գիտնալով մեր անմահանուն Արմենականին վաստակն ու մանաւա´նդ յեղափոխական մեծ գործը դեռ Վանէն սկսեալ, արժանի գնահատանքն էք որ կու տաք անոր, գոնէ յետ մահու, արժանավայել դամբան մը անոր յիշատակին նուիրելով` մեր մայր գաղութին` Լիբանանի սրտին վրայ։ Արժանի է ան ամէն մեծարանքի եւ մնայուն յարգանքի։
Նաթանեաններով հասակ առին մեր երէկի գործիչները, անոր շունչով դաստիարակուեցան եւ մնացին մաքրամաքուր հայեր ու մանաւանդ` ռամկավար ազատականներ։
Ողջ ըլլաք, սիրելի ընկերներ. Միայն կրնամ հպա´րտ ըլլալով Ձեզմով ու Ձեր սերունդով։
Բարձր պահեցէք Նաթանեանի ու մեր իրա´ւ ազգային յեղափոխականներու` արմենականներու ժառանգը։ Դուք պիտի ըլլաք անոնց իրաւ ժառանգորդները եւ իւրաքանչիւր ընկեր հպա´րտ պիտի ըլլայ Ձեզմով։
Թող Ձեր այս նախաձեռնութիւնը ըլլայ օրինակելի բոլորին անխտիր… մինչեւ այն աղուոր օրը երբ մեր բոլոր մեծերուն` Տամատեան, Թէքէեան, Չօպանեան, Հրաչ Երուանդ, Եկարեան, Չանգալեան … շիրիմները կարենաք փոխադրել դէպի մեր Յաւերժական Հայրենիքը։ Անոնք արժանի են գոնէ այդ վերջին իրաւունքին։ Գուցէ անոնք օր մը, անպայմանօրէն, յանձնուին իրենց պատկանած ծննդավայրի մայր հողին։
Այս պահուս կրնամ միայն ըսել որ հպա´րտ եմ ես Ձեզմով, սիրելի եւ յարգելի ընկերներ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

