Ամանորեայ Հանդէս Ղրղզստանի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ

*ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՏԻՆԵԱՆ*
Թէեւ Պիշքեկի հայկական կիրակնօրեայ դպրոց կը յաճախէ ընդամէնը 10-15 հայ երիտասարդներ եւ պատանիներ, սակայն դպրոցը կը գործէ անխափան. չէ՞ որ մայրենի լեզուն ազգային ինքնութիւնը պահպանելու հիմնական երաշխիքն է, եւ համայնքը ամէն ինչ կ’ընէ աւելի շատ երախաներ ներգրաւելու համար: Հայկական համայնքի հիմնադիր Հենրիխ Պալեան, որուն ջանքերու շնորհիւ հիմնականին մէջ կը գործէ այս դպրոցը՝ վստահ է, որ աստիճանաբար պիտի գան ու սորվին: Ամէն աշակերտ իր ետեւէն կը բերէ ընկերոջը եւ բարեկամը, սակայն որպէսզի երախաները սիրով գան դպրոց, ան պէտք է գրաւիչ ըլլայ: Հարկաւոր է դասերը հետաքրքրական դարձնել, մեծ տեղ տալ հայկական մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մասին վաւերագրական նիւթերուն:
Դեռեւս տարեմուտին պարզ դարձաւ, որ երախաներէն շատերը արդէն կը գրեն ու կը կարդան հայերէն, անգիր գիտեն հայ դասականներու բանաստեղծութիւնները, կ’երգեն Հայաստանին ու Երեւանին նուիրուած երգեր: Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ, որ երախաներուն հիւր գայ Կաղանդ պապան, մասնակցի անոնց դասերուն եւ… խօսի հայերէն:
Որոշեցին եւ ճիշդ այդպէս ալ ըրին:
Երախաներուն ամանորեայ իր շնորհաւորանքը յղած էր նաեւ Տեխնիկական գիտութիւններու թեկնածու, Պատուաւոր շինարար, Ղրղզստանի մէջ Հունգարիոյ պատուաւոր հիւպատոս, «Ղրղզստան-Հունգարիա» բարեկամութեան միութեան նախագահ, Ղրղզստանի Հանրապետութեան Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, մարմնակրթութեան պատուաւոր վարպետ Հենրիխ Պալեան, որուն խորին ակնածանքով կը վերաբերին համայնքէն ներս բոլորը:
Ամանորեայ ձեռնարկները իւրայատուկ խորհուրդ ունին եւ բոլորը կը հաւատային, որ այս Նոր տարուան պիտի իրականանան իրենց նուիրական երազանքները: Ուրեմն թող 2016 թուականը դառնայ մեր Հայրենիքի բարգաւաճման, իսկ իւրաքանչիւր հայու համար` բոլոր վեհ նպատակներու, նուիրական երազանքներու իրականացման եւ բարեկեցութեան տարի:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

