• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայոց Այբուբենը Տեղ Գտած է Հոլանտացի Նկարիչի Գործերուն Մէջ

22.03.2017   08:30

Sputnik Արմէնիան հետաքրքրական փաստեր կը ներկայացնէ Հայոց Այբուբենի մասին, որ տեղ գտած է ղպտական այբուբենի եւ չինական հիերոկլիֆներու կողքին:

17-րդ դարու վերջին քառորդին, 18-րդ դարու սկիզբը, հոլանտացի տաղանդաշատ նկարիչ, փորագրիչ եւ բանաստեղծ Ժան Լոյգենը ապրած եւ ստեղծագործած է Ամսթերտամի մէջ: Անոր կոթողային գործերէն կը համարուին 1681 թուականին հրատարակուած «Նոր ծովային ջահ» հինգ հատոր կազմող քարտէզագրական աթլասի համար եղած փորագրանկարները, ինչպէս նաեւ «Մարտիրոսներու հայելի» (1685) եւ «Մարդկութեան արհեստներ» (1694) գիրքերուն նկարազարդումները:

1690 թուականին Ժան Լոյգենը ստեղծած է բացառիկ փորագրանկարներու շարք, ուր պատկերուած են աշխարհի հնագոյն այբուբեններու տառատեսակները, ինչպէս նաեւ տրուած են անոնց լատինատառ անունները: Գեղարուեստական մեծ ճաշակով եղած այդ փորագրանկարներէն մէկուն վրայ` ղպտական այբուբենի եւ չինական հիերոկլիֆներու կողքին տեղ գտած է նաեւ Հայոց Մաշտոցեան այբուբենը ներկայացնող պատկերը` «Armenisch Alphabet» նշումով:

Ժան Լոյգենի հեղինակած աշխարհի հնագոյն այբուբեններու փոխագրանկարներուն շարքը քանի մը խմբաքանակներով հրատարակուած է Ամսթերտամի մէջ` հրատարակիչ եւ գիտնական Վիլհելմուս Կուրէի կողմէն: Անիկա կը համարուի առաջին տպագրութիւններէն, ուր տառերու պատկերին հետ արտացոլուած է նաեւ անոնց համապատասխան անուանահամակարգը, հայերէնի տարբերակին մէջ` «ա-այբ, Բ-բեն, Գ-գիմ, Դ-դա», եւ այլն: Նշենք, որ փորագրանկարներու այդ շարքը կը ներառէ նաեւ սուրիական, փիւնիկեան, եգիպտական, եբրայական եւ քանի մը այլ այբուբեններ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner