Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած է «Հայ Որբ Մը Սեւ Ծովու Շրջանէն» Գիրքը

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է «Հայ որբ մը Սեւ ծովու շրջանէն» գիրքը, որուն հեղինակն է Հալիլ Էրհան` Թուրքիոյ Կիրեսուն քաղաքէն:
Ծագումով հայ Էրհան գիրքը գրած է համիտեանի ջարդերու ժամանակ որբացած իր պապիկի մասին եւ ձօնած՝ անոր յիշատակին, կը գրէ «Ակօս»-ը:
Թրքական «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած գիրքը ազգային ու կրօնական ինքնութեան հարցերու շուրջ մտորելու առիթ կու տայ Թուրքիոյ հիւսիսային, Սեւծովեան շրջաններու բազմահազար բնակիչներուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ յայտնի են աւելի ազգայնական տրամադրութիւններով ու վարքագիծով:
Գիրքին հեղինակը կը նշէ, որ իրենց անցեալի ու իրական ծագման պատմութիւնները լսող շատերը այստեղ կը սկսին աւելի բուռն կերպով մերժել այդ անցեալը կամ կը փորձեն ինքնապաշտպանուիլ:
«Ի՞նչ կարիք կար սա վերյիշելու» ըսողներ ալ կան, «Հայ, հնարաւոր է նման բան եղած ըլլայ» ըսողներ ալ… Յամառօրէն «մինչեւ կեանքի վերջ թուրք ու մահմետական եմ» բացագանչողներ ալ…», – կ’ըսէ կիրեսունցի իսլամացուած հայը, որուն ազգականներէն ոչ բոլորը նոյնպէս կը սիրեն խօսիլ անցեալի վէրքերէն, սակայն տեղեակ են իրենց հայկական ծագման մասին:
«Պապիկս միշտ կը պատմէր իր գլխուն եկածներուն մասին: Միայն գիտէինք, որ ոչ հայր ունի, ոչ մայր, ոչ հօրեղբայր… Իր անցեալէն միայն մէկ մուրճ ունէր, որ վերցուցած էր իրեն հետ, երբ փախած էր զինուորական ծառայութենէն», – կ՛ըսէ Էրհան` պատմելով, որ պապը, որբանալով դեռ 1890-ականներուն, 1915-ին միւս հայ տղամարդոց հետ տարուած է Օսմանեան բանակ, ուր զինք աշխատցուցած են ճանապարհներու շինարարութեան մէջ:
«Ոչ ոքի երբեք նեղացուցած է, շրջապատիս մէջ տեսած ամենաաշխատասէր մարդն էր պապս: Երբ մահացաւ շատ արտասուեցայ, շատ-շատ տխրեցայ: Այդպիսի երկրորդ մէկը լոյս աշխարհ չի գար», -կ՛ըսէ գիրքին հեղինակը, որ կը նշէ, թէ որբ մնացած պապիկը երբեք յոյս չէ ունեցած գտնելու իր հայ ազգականները եւ բաւարարուած է իր զաւակներուն եւ թոռներուն ներկայութեամբ ու սիրով:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

