• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայկական Յաջորդ «Ուիքի Ճամբար»-ը Տեղի Պիտի Ունենայ Ֆրանսայի Մէջ

18.03.2017   21:33

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը հաղորդէ, որ Սփիւռքի երրորդ «Ուիքի ճամբար»-ը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ:

Ճամբարը պիտի կազմակերպուի Լա Պուրպուլ (La Bourboule) գիւղաքաղաքի «Gite Francois et Suzon» երիտասարդական կայանի սահմաններէն ներս, Օգոստոս 12-Օգոստոս 20: Ութ օրուան ընթացքին, մասնակիցները ո՛չ միայն զիրենք հետաքրքրող նիւթերու շուրջ արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու առիթը պիտի ունենան, այլեւ բազմաթիւ բացօթեայ մարզախաղերու պիտի մասնակցին: Առաւել, Միջին Արեւելքէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայի չորս ծագերէն ժամանած նոր բարեկամներու պիտի հանդիպին եւ յիշատակելի շաբաթ մը պիտի անցընեն միասնաբար:

Նախանցեալ տարի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը միասնաբար սկսան Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն «Ուիքի ճամբար» ձեռնարկին: Արեւմտահայերէնով առաջին «Ուիքի ճամբար»ը տեղի ունեցաւ 2015 Օգոստոս 3-Օգոստոս 12, Զմմառի (Լիբանան) մէջ, աւելի քան վաթսուն մասնակիցներով (աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ): Երկրորդ հաւաքը տեղի ունեցաւ 2016 Օգոստոս 17-Օգոստոս 26, Քատավալի (Լիզպոն) մէջ, աւելի քան 58 մասնակիցներով (աշակերտներ եւ ուսուցիչներ): Ճամբարի ընթացքին, աշակերտները առիթը ունեցան իրենց կարողութիւնն ու ինքնավստահութիւնը զարգացնելու թէ՛ «Ուիքիփետիա»-ի (համացանցային հանրագիտարան) յօդուածներ գրելով ու խմբագրելով, եւ թէ արեւմտեան լեզուներէ յօդուածներ թարգմանելով: 2015-ի սկիզբը, «Ուիքիփետիա»ն արեւմտահայերէն 650 յօդուած ունէր: Տարի մը ետք՝ 2016-ի սկիզբը, այդ թիւը բարձրացած էր 3546-ի, իսկ 2017-ի սկիզբը, այդ թիւը բարձրացած է 5565-ի: Այս նկատելի աճին գլխաւոր պատճառը եղաւ աշակերտներու համար կազմակերպուած «Ուիքի ճամբար»-ը, որ բոլորին համար հաճելի, խանդավառ եւ աշխատունակ մթնոլորտ ստեղծեց:

Ֆրանսայի ճամբարը ուղղուած է 16-25 տարեկան երիտասարդներու: Հետաքրքրուող անձերը պէտք է «Ուիքի ճամբար Ֆրանսա»-ի հարցաթերթիկը ամբողջացնեն եւ ներկայացնեն մինչեւ Ապրիլ 10: Տրամադրելի տեղերուն թիւը սահմանափակ է, եւ կ՛ակնալուի, որ շատ դիմողներ ըլլան։

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner