Պէտք է Մտածենք Ազգագրական Երաժշտութիւնը Հետաքրքրական Ձեւով Մատուցելու Մասին. ՀՀ Մշակոյթի Նախարար

«Ժողովրդական երաժշտութեան ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ը տարեկան հաշուետուութիւն ներկայացուցած է իր կազմին մէջ գործող երեք աշխատակազմերու` Հայաստանի գուսանական եւ ժողովրդական երգի պետական անսամպլի, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ Մարօ Մուրատեանի անուան «Ակունք» ազգագրական պետական անսամպլի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն։
Հաշուետուութեան արդիւնքներուն ծանօթանալէ ետք՝ ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան ըսած է,- «Ազգային երգ երաժշտութիւնը, որ պէտք է մեր ուղեցոյցն ու փարոսը ըլլայ, այսօր այն վիճակի մէջ է, որ պետութիւնը 120 միլիոն գումար կը ծախսէ, որուն իբրեւ արդիւնք մենք հասանելի կը դառնանք սահմանափակ թիւով հանդիսատեսի, որ կա′մ կը լսէ այդ երաժշտութիւնը, կա′մ չի լսեր: Ինչպէ՞ս կը նայիք այս խնդրին»:
«Ժողովրդական երաժշտութեան ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արթուր Ներսիսեան նշած է, որ իրենք զրկուած են աշխատանքի ամենատարրական պայմաններէն, «Լուսանցքէն դուրս» վիճակի մէջ են: «Ակունք» ազգագրական պետական անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար Արթուր Շահնազարեանը աւելցուցած է. «Հայկական եթերը այսօր զբաղած է միայն «ռապիզ»-ի ու թրքական երաժշտութեան գովազդով, որմէ տարիներ շարունակ զերծ մնացած է, հաւանաբար, միայն Հանրային ռատիօն»:
Նախարարը որոշ չափով համաձայնած է հնչած կարծիքներուն հետ, բայց նաեւ նշած. «Դատարկ տեղն է որ աղբով կը լեցուի, ուրեմն տեղը դատարկ ձգած ենք, հետաքրքրութիւն չենք յառաջացուցած: Մենք պէտք է աշխատինք նոյնպիսի, հաւանաբար քանի մը անգամ աւելի, յարձակելով, ինչպիսի յարձակումով «ռապիզ»-ը մտաւ մեր իրականութիւն: Եկէք նստինք ու միասին մտածենք` ի՞նչ պիտի ընենք, որպէսզի աւելի հետաքրքրական մատուցենք մեր ազգային երաժշտութիւնը, որպէսզի անիկա աւելի մօտեցնենք երիտասարդները: Ասիկա ընելու համար կ’ակնկալեմ յստակ ծրագիր»:
Իսկ ՊՈԱԿ-ի հաշուետուութիւնը մնացած է առանց գնահատականի. «Այսօր չեմ գնահատեր, առայժմ կը ձգեմ «դրախտի եւ դժոխքի սահմանագիծ»-ին,կատակած է նախարարը:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

