Սամսունի Մէջ Հայ Վարպետներու Հեղինակած Եզակի 150-Ամեայ Երկաթեայ Դուռ Մը Պահպանուած է

Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ շուրջ 50 տարի դարբնագործութեամբ զբաղող Իպրահիմ Գերմին իր պապէն ժառանգութիւն ստացած է 150-ամեայ պատմութիւն ունեցող երկաթէ դուռ մը: Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Hürriyet» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ որպէս պատմամշակութային արժէք արձանագրուած այս դուռը պատրաստուած է հայ դարբիններու կողմէ, սակայն դրան վրայ հեղինակին մասին որեւէ գրութիւն չէ պահպանուած:
Այս պատմական երկաթեայ դրան վրայ քանդակուած է Մարիամ Աստուածածինի պատկերը: Այդ պատճառով ստեղծագործութիւնը գրաւած է նաեւ տեղի կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանային ուշադրութիւնը: Քահանան առաջարկած է իրեն վաճառել դուռը կամ Աստուածածինի քանդակը, սակայն Գերմին չէ համաձայնած: Դուռը ուզած են գնել նաեւ պատմական արժէքներով հետաքրքրուող շատ մը այլ անձիք, սակայն դարբինը հրաժարած է զայն վաճառելէ:
«Այս դուռը հայերու ժամանակներէն մնացած է: Պապս զայն պահպանած է: Ասիկա պատրաստող դարբինը այնպիսի վարպետութիւն ըրած է, որ ես, որպէս արհեստաւոր, կը նախանձիմ: Բոլոր անկիւնները միլիմեթրի ճշդութեամբ նոյնն են: Հայ վարպետը շատ լաւ գործ ըրած է: Իսկ դրան վրայ եղած փականի նմանը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ այլեւս չկայ: Այսպիսի դռները պատուիրուած են` սուլթաններու ու արքաներու հիւրընկալուած վայրերուն մէջ օգտագործելու համար»,- կը պատմէ թուրք արհետսաւորը:
Ան կը նշէ, որ 250 քիլօ կշռող այս դռներէն ընդամէնը երկու օրինակ գոյութիւն ունի, երկուքն ալ իր մօտ են: Ատոնցմէ իւրաքանչիւրը 2 մեթր 40սմ բարձրութիւն ունի: Դռներու համար տարբեր գնորդներ առաջարկած են մինչեւ 30.000 լիրա, սակայն ան անդրդուելի մնացած է:
65-ամեայ Իպրահիմ Գերմիի խօսքով` այս ստեղծագործութիւնը իրեն համար ամենաթանկ ընտանեկան ժառանգութիւնն է եւ ան չի պատրաստուիր զայն վաճառելու: Աւելին, դարբինը յորդորած է իր որդիներուն ու թոռներուն` նոյնպէս երբեք չվաճառել այս իւրայատուկ պատմական ստեղծագործութիւնը:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

