• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սեպտեմբեր 7-ին Պատարագ Պիտի Մատուցուի Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

04.09.2014   13:37

Արդէն հինգերորդ տարին է, որ  Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ տեղի պիտի ունենայ:  Ինչպէս կը հաղորդէ թրքական haberler.com կայքէջը` պատարագը նախատեսուած է Սեպտեմբեր 7-ին:

Վանի մշակոկյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղը տեղեկացուցած է, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կողմէ պատարագին մասնակցելիք ներկայացուած ցուցակին մէջ ներառնուած են տիեզերական Պարթոլոմէոս պատրիարքը, ասորիներու ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Ֆիլուսկինոս Եուսուֆ Չեթինը, իսկ հայկական կողմէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը եւ ԱՄՆ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը:

Յիշեցնենք, որ Վանի Ս. Խաչ եկեղեցին միակն է Պատմական Հայաստանի տարածքէն ներս, ուր վերանորոգումներէն մէկ տարի յետոյ, գմբեթին վրայ խաչ բարձրացաւ: Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդունած որոշման համաձայն, թոյլատրուած է տարին անգամ մը կրօնական ծիսակատարութեան կատարումը:

www.haberler.com

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner