Նոր հրատարակութիւն. «Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)

*Պէյրութ, Լիբանան* Մեսրոպ Հայունիի գրիչէն լոյսին ընծայուեցաւ «ՄԽԻԹԱՐ» մատենաշարի 44-րդ գիրքը`«Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)» խորագրով, նուիրուած երջանկայիշատակ եպիսկոպոսի կեանքին եւ գործունէութեան: Գիրքի հրապարակման թուարկութիւնն է 2013 տարին, վայրը` Այնճար:
Ինչպէս գիրքի յառաջաբանին մէջ կը նշուի, 176 էջերէ բաղկացած այս նկարազարդ հատորը հեղինակին սիրոյ եւ յարգանքի տուրքն է “Վիեննական Մխիթարեանին եւ Հոգեւորականին”, զոր ան ճանչցած է 1961 թուականէն ի վեր եւ որուն առաքելակիցը եղած է 1979-1983, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ (Հազմիէ), հետագային անոր հետ մնալով սերտ գործակիցներ` հոգեւոր ծառայութեան եւ կրթական ու գրահրատարակչական մարզերուն մէջ:
Սոյն գիրքով Մեսրոպ Հայունի ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի կեանքն ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մատենագիտական զեկոյցներ` անոր հրատարակած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ “Մուսա Լեռ” ամսաթերթի եւ “Աւետիք” պաշտօնաթերթի մէջ հրապարակուած յօդուածներուն եւ գրութիւններուն մասին: Ոգեկոչական գրութիւններուն մէջ ան վեր կը բերէ հայր Վարդանի մարդկային նկարագիրն ու հոգեւորականի հանգանակը, այդ նպատակին ծառայեցնելով յատկանշական քաղուածքներ անոր գրական եւ քարոզախօսական գործերէն:
Գիրքին “Յաւելուած” վերնագրուած մասով, հրատարակուած է ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին խօսքը` հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի վախճանումին առիթով, ինչպէս նաեւ հոգեւորական, մշակութային եւ հանրային մարզի ներկայացուցիչներու վկայութիւնները անոր մասին` նոյն առիթով:
Գիրքը կարելի է ձեռք բերել Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն կամ Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութենէն:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

